2014-05-10 11:12:23

Պօղոս Զ Քահանայապետը խորաններու պատւոյն պիտի արժանանայ յառաջիկայ 19 հոկտեմբերին։


Սուրբերու դատի ժողովը, 5 մայիս 2014ին, վաւերացուցած է երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետի (1963-1978) կատարած մէկ հրաշքը։ Խնդրոյ առակայ հրաշքը կը հայի ամերիկացի մօր մը ծնանելիք մանուկին բուժումին։ Բժիշկները յղի կնոջ կատարած քննութիւններու աւարտին խրատած են զայն վիժում կատարել քանի սաղմի մէջ գտած են ձեւազերծումի ախտաւանաչում։ Մայրիկը անմիջապէս աղօթած է երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ին, յեղինակը ‘Humanae Vitae’, 'Մարդկայն Կեանքը' շրջաբերական թուղթին, Անորմէ հայցելով բարեխօսութիւնը զաւկին բուժումին համար։ Զաւակը առողջ եւ կայտար ծնած է։
Հրաշքին վաւերացումէն ետք, Սուրբերու դատի ժողովի կողմէ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 9 մայիսի յետմիջօրէին ընդունելով Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Անճելօ Ամաթօ, իր հաւանութիւնը տուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի Երանելի հռչակումին։
Նշենք որ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ ' Աստուծոյ ծառայ' հռչակուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն, 20 դեկտեմբեր 2012-ին։ Երանացման արարողութիւնը կը նախատեսուի յառաջիկայ 19 հոկտեմբեր 2014-ին, ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աւարտին։
Անցեալ մարտին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մամլոյ հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ողջունած է երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ի ‘Humanae Vitae’, 'Մարդկայն Կեանքը' վարդապետական շրջաբերական թուղթը, որ կը խօսի ամուսնութեան ու ծնունդներու կանոնաւորումի մասին, որպէս մարգարէական հանճարեղ մը, որ յանդգնութիւնն ունեցած է դիմադրել հակահոսանքին ու շատերու բողոքին։
Յետ Պիոս Ժ-ի, Յովհաննէս ԻԳ-ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի,Պօղոս Զ-ը պիտի հանդիսանայ 20-րդ դարու չորրորդ Քահանայապետը որ խորաններու պատւոյն պիտի արժանանայ։
Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը ծնած էր 26 սեպտեմբեր 1897-ին Իտալիոյ Քոնչէզիօ քաղաքին մէջ ուր իր մահկանացուն կնքած է Քասթելկանտոլֆոյի Քահանայապետական պալատին մէջ 6 օգոստոս 1978-ին, Անոր քահանայապետութիւնը տեւած է 15 տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.