2014-05-10 14:05:09

Պատրիարքական անուանումներ


Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, 113/14 թուակիր դիւանով, 8 մայիս 2014-ին, գերյարգելի հայր Յովսէփ ծ.վ. Քէլէկեանը Զմմառու պատրիարքական կղերին միաբանութենէն կ'անուանէ որպէս առաքեալ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ» թեմին:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, 112/14 թուակիր դիւանով, 8 մայիս 2014-ին, գերապատիւ հայր Վարագ վրդ. Պերպերեանը Զմմառու պատրիարքական կղերին միաբանութենէն, կ'անուանէ որպէս առաքեալ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայ կաթողիկէ «Նարեկի Տիրամայր» թեմին:







All the contents on this site are copyrighted ©.