2014-05-10 10:16:32

Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպի իտալացի դպրոցականներուն


Շաբաթ, 10 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ հանդիպեցաւ իտալական դպրոցներու աշակերտութեան ու դաստիարակչական կազմին ու աշակերտներու ծնողներուն։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ եւ որպէս բնաբան ունէր ''Եկեղեցին ի սպաս դպրոցին''։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 300 հազար անհատներ։
''Եկեղեցին ի սպաս դպրոցին ձեռնարկի նպատակն է ընդգծել Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը հանդէպ նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ կազմաւորումին'' հաստատած էր, ձեռնարկի նախօրեակին, գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօն` Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղարը։
Իտալիոյ զանազան քաղաքներէն ժամանած ուխատւոր աշակերտները տեղ գրաւած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը եւ դէպի այդ հրապարակը առաջնորդող Վիա Տէլլա Քոնչիլիացիոնէ պողոտայի վրայ ուր հսկայ պաստարներու միջոցաւ կարելի եղաւ հետեւիլ տօնախմբութեան։
Նորին Սրբութիւնը հրապարակ ժամանեց 16,00-ին եւ Քահանայապետական ինքնաշարժով հրապարակի եւ Վաիա Տէլլա Քոնչիլիացիոնէի շրջանը կատարելէ եւ ներկաները ողջունելէ ետք բարձրացաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող ամպիոնը ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական շատ շքեղ ներկայացում մը, որուն բացումը կատարեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը Կարտինալ Անճելօ Պանիասքոն եւ որուն իրենց նպաստը բերին Իտալացի հռչակաւոր անձնաւորութիւններ, դերասաններ ու երգիչներ ինչպէս նաեւ զանազան քաղաքներու դպրոցական պատուիրակութիւններ։
Գեղարուսետական բաժնի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով ըսաւ ''Սիրելի բարեկամներ, բարի երեկոյ'' ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցիկ հանդիպումին համար ու հանդիպումի բոլոր կազմակերպիչներուն։
Մենք Հոս կը գտնուինք որովհետեւ դպրոցը կը սիրենք – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը – ու մատնանշեց թէ Ինք միշտ սիրած է դպրոցը` որպէս մանուկ աշակերտ, դաստիարակ եւ եպիսկոպոս ու այս կը պարտի իր առաջին ուսուցչուհիին որ 6 տարեկանին զինք ընկալեց դպրոցի յարկին տակ եւ իրեն սիրել տուաւ դպրոցը։
Սրբազան Հայրը ապա նշեց թէ ի՞նչու կը սիրէ դպրոցը` Որովհետեւ սիրտն ու միտքը կը բանայ իրականութեան։ Սորվիլ` սորվելու ենք - շեշտեց Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ դպրոցը հանդիպումի վայր է եւ թէ ամէնքս պէտք ունինք հանդիպումի մշակոյթին։ Դպրոցը նշեց հուսկ Քահանայապետը լրացուցիչ տարրն է ընտանիքին, մէկը միւսին հակառակ չեն գործեր, մէկը միւսը կը լրացնէ ու ասոր համար համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Ան ապա որպէս դպրոցը սիրելու երրորդ պատճառ նշեց թէ դպրոցը կը դաստիարակէ Լաւին, Բարիին եւ Գեղեցիկին ու այս առընչութեամբ հաստատեց թէ աւելի լաւ է ''մաքուր պարտութիւն մը կրել'' քան ''կեղծուած յաղթանակ մը ձեռք բերել''։
Իր խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը բոլորին մաղթեց բարի դպրոցական երթ ու ազդարարեց ''Մի թողուք որ ձեզմէ կողոպտեն դպրոցի հանդէպ սէրը''։
''Եկեղեցին ի սպաս դպրոցին'' ձեռնարկը վերջ գտաւ այս առթիւ յօրինուած եւ արտասանուած մէկ աղօթքով։









All the contents on this site are copyrighted ©.