2014-05-10 08:59:26

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 22-ամեակը


Հայաստան երէկ նշեց Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնը: Տօնին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց, որ 9 Մայիսը Հայաստանի ժողովուրդին համար սուղ է անով, որ անիկա ազդարարած է նոր` խաղաղ կեանքի սկիզբը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն հարիւր հազարաւոր հայեր կռուեցան արդարութեան եւ ազատութեան խրամատներուն մէջ` բարձր պահելով հայ ռազմիկի անունը եւ պատիւը: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ ասիկա հայութեան համար նախ եւ առաջ խաղաղութեան տօն է, որ արդար աշխատանքի եւ հայրենի երկիրը ոտքի կանգնեցնելու պատմական կարելիութիւն տուաւ: «Ճակատագիրը մեզի համար սահմանած էր այլ պատմական կարելիութիւն մը եւս, մայիսեան այլ յաղթանակ մը եւս: 9 մայիս 1992-ին մենք կրկին արդարութեան եւ ազատութեան խրամատին մէջ էինք ընդդէմ ազգային խտրականութեան եւ եղեռնագործութեան: Շուշիի ազատագրումով ֆիզիքական բնաջնջումէն փրկուեցաւ ոչ միայն Ստեփանակերտը, այլեւ ամբողջ Արցախը, իսկ աւելի լայն առումով` Հայաստանը եւ հայութեան հեռանկարը: Այսօր մենք երախտագիտութեան գլուխ կը խոնարհենք մեր բոլոր այն քաջերուն յիշատակին առջեւ, որոնք կեանքով վճարեցին մեր խաղաղութեան գինը: Կեցցէ՛ խաղաղութիւնը, որ աշխարհի բոլոր բարիքներուն մայրն է: Փա՛ռք մեր հերոսներուն», ըսուած է Հայաստանի նախագահի ուղերձին մէջ:
Իր կարգին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շնորհաւորական իր ուղերձին մէջ հայրապետական իր օրհնութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց հայ ժողովուրդին` 9 մայիսի պանծալի յաղթանակներուն առիթով:
Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ 9 մայիսը մարդոց եւ ազգերու խաղաղ ու ազատ ապրելու աստուածաշնորհ իրաւունքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական խորհուրդ ունի մեզի համար: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը նշեց, որ աշխարհասփիւռ հայերը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին բոլոր ռազմաճակատներուն հերոսական մասնակցութիւն ունեցած են բռնութեան դէմ պայքարին եւ յաղթանակի ձեռքբերման գործին մէջ: «Հայրենասէր եւ քաջարի նոյն ոգիով հայորդիք ազատագրեցին Շուշին` մեծ յաղթութեամբ պսակելով արցախեան ազատամարտը: Լի ենք հաւատքով` Աստուծոյ զօրակցութեամբ յաղթանակով պիտի պսակուի նաեւ արցախահայութեան ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքը», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նշուող մայիսեան եռատօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց նաեւ Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան:
Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ 9 մայիսը հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն յիշարժան տօներէն մէկն է, որ կը խորհրդանշէ մեր ազգային բնաւորութեան յատուկ հայրենասիրութիւնը եւ խիզախութիւնը, անձնազոհութիւնը եւ սխրանքը, օտարի լուծին դէմ ըմբոստանալու եւ յաղթելու անսասան կամքը եւ վճռականութիւնը: Ըստ Սահակեանի, ասիկա եկած է դարերէն եւ իր վկայութիւնը ստացած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն, երբ տարբեր ժողովուրդներու հետ ձեռք ձեռքի մեր հայրերը եւ պապերը կը կռուէին ֆաշական Գերմանիոյ դէմ` փրկելով աշխարհը նացիականութեան ճիրաններէն: Նախագահ Սահակեան շեշտեց, որ անոնց հերոսական դասը շարունակեց արդէն նոր սերունդը` արցախեան ազատամարտին ընթացքին պաշտպանելով հայրենի հողը եւ կռելով նոր յաղթանակներ:
«Պաշտպանութեան բանակի կազմաւորումը եւ Շուշիի ազատագրումը դարձան այն կարեւոր ձեռքբերումները, որոնք հիմք դրին մեր հետագայ բոլոր յաջողութիւններուն համար: Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ միասին կարելի եղաւ ոչ միայն յաղթանակ տանիլ մեզի պարտադրուած ծանր ու դաժան պատերազմին ընթացքին, այլեւ կառուցել օրէ օր շէնցող եւ զօրացող երկիր` շարունակելով հայրենիքի համար նահատակուած քաջ հայորդիներու կիսատ ձգած գործը եւ յաւերժացնելով անոնց յիշատակը», իր ուղերձին մէջ յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.