2014-05-10 10:38:56

Դ. Կիրակի Յինանց
Յովհաննէս 5. 19-30


RealAudioMP3 Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս հրեաներուն ուղղած խօսքերուն ընդմէջէն իր աստուածային ամէնակարողութիւնն ու իշխանութիւնը կը յայտնէ: Ապա մեզ կը հասկցնէ թէ մարդիկ պիտի վարձատրուին Աստուծոյ կողմէ իրենց գործերուն համաձայն: Անոնք որոնք իրենց կեանքին ընթացքին բարի գործեր ըրած են պիտի արժանան երկնքի արքայութեան, իսկ մեղաւորաց` յաւիտենական տանջանք պիտի տայ: Ուրիշ տեղ մեր Տէրը Յիսուս պիտի ըսէր. «Դատաստանի համար եկայ այս աշխարհ, որպէսզի անոնք որոնք չեն տեսներ, տեսնեն, եւ անոնք որոնք կը տեսնեն կուրնան»: Այստեղ «դատաստան» արտայայտութիւնը դատական իմաստով չէ կիրառկուած, ինչպէս կ՛ըլլայ, երբ մէկը որեւէ օրէնք մը խախտէ: Յիսուս այս պատճարի համար չէր եկած աշխարհ, ինչպէս Յովհաննէս աւետարանիչ երրորդ գլխուն մէջ պիտի ըսէր. «Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց ոչ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի զայն փրկէ»: (Յովհ. 3:17): Հետեւաբար դատաստանը սիրոյ եւ արդարութեան նշան է: «Դատաստան» ըսելով, ի նկատի ունինք աստուածային յայտնութիւններու եւ պատգամներու նկատմամբ մարդկային անտարբերութեան ու խստասրտութեան հետեւանքը: Այսինքն` դատաստանն այն է, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ մարդու հոգիին մէջ Աստուծոյ յայտնութիւնները եւ պատգամները լսելով:
Զգուշ պէտք է ըլլալ ուրեմն վասն զի մարդկութեան մեծագոյն հակառակորդը` սատանան առիւծի պէս կը մռնչի, կը շրջի ու կը փնտռէ մէկը զինք կուլ տալու համար: Ուստի հաւատացեալը հաստատ մնալով իր հաւատքին մէջ պիտի կարենայ իրեն դէմ ճակատիլ:
Որքան ալ այսօր մեզի համար ծանր հնչեն Քրիստոսի այս խօսքերը, սակայն պէտք է գիտնանք միշտ վճառել յանցանքներուն, սխալներուն, մեղքերուն եւ չարիքներուն պարտքը: Քրիստոս չեկաւ աշխարհ մարդիկը դատելու նպատակով` այլ փրկելու աշխարհը: Եւ աշխարհի փրկութիւնը յանձնուած է Մարդու Որդիին: Մարդու Որդին` պիտի վերատեսնէ իր Փրկչագործութիւնը ու մարդոց պատասխանը. «Որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՝ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՝ դատաստանի յարութեան համար»:
Յիսուս` Աստուծոյ սիրոյն մարմնացումն է, սակայն միեւնոյն ատեն արդար է: Մեզ արդար ձեւով պիտի դատէ: Այսօր դատաւոր մը չի կրնար զգացումով շարժիլ եւ ըսել ոճրագործին ներուած են յանցանքներդ, այլ իր ոճիրին համապատասխանող պատիժ կու տայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր յանցանք իր պատիժը ունի: Նոյնպէս Աստուած` հակառակ իր բոլոր բարութեան մեզ պիտի դատէ Յիսուսի միջոցաւ, վերջին դատաստանին օրը: Որովհետեւ եթէ մեզ չդատէ աւելի կը չարանանք:
Հետեւաբար, անբիծ ու անարատ վարք ունենանք. սրբութեամբ եւ աստուածապաշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ, որպէսզի Քրիստոս երբ գայ` պատրաստ ըլլանք զինք դիմաւորելու, ու ամենեւին չշփոթելով` կարող ըլլանք ըսելու. « Ինչ որ պարտական էինք ընելու` ըրինք»: Եւ Քրիստոս ալ դառնայ եւ մեզի պատասխանէ. Ազնիւ ծառայ, բարի եւ հաւատարիմ, որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար… եկուր քու տիրոջդ ուրախութեան մասնակից եղիր, որ յաւիտեանս յաւիտենից ուրախանաս: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.