2014-05-10 09:05:24

50 Տարուան ընդմիջումէ ետք. Կիպրոսի բռնագրաւուած հատուածի Հայկական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Պատարագ պիտի մատուցուի 10 Մայիսին


Կիպրոսի Հայոց առաջնորդարանի Դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ վաղը ժամը 12:00-ին 1963-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Հին Նիկոսիոյ հին հայկական բաժինին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի:
Եկեղեցին, որ Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումին պատճառով կիպրահայ համայնքին համար անհասանելի մնացած էր, վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր: Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան եւ ՄԱԿ-ի զարգացման գործակալութեանց, կրօնական ղեկավարներու, քաղաքական կազմակերպութեանց եւ դիւանագէտներու միացեալ ջանքերով եկեղեցին կարելի եղած էր վերանորոգել:
Մարտի սկիզբը եկեղեցւոյ վերանորոգութեան առիթով մշակութային երեկոյ մը կազմակերպուած էր:
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ կիպրական խորհրդարանին մէջ հայերու ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան նշած է, որ կիրակի օրուան պատարագը պիտի տեւէ մէկ ժամ:
Տարբեր քաղաքներէ մեծ թիւով հայեր յունական կողմէն քալելով պիտի անցնին թրքական հատուած:
Մահտեսեան նշած է, որ կիրակնօրեայ պատարագով հետաքրքրուած են Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Սլովաքիոյ դեսպանները, կրօնական եւ քաղաքական գործիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.