2014-05-09 13:20:45

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը՝ ''Քահանայապետական միսիոնարական գործունէութեան'' անդամներուն


Ուրբաթ, 9 մայիսին, Վատիկանի Քլէմէնթինա դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Քահանայապետական Միսիոնարական գործունէութեան պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ ,ժողովուրդներու Աւետարանացման Ժողովի համագործակիցները։
Նորին Սրբութիւնը, իր յղած ճառին սկիզբը գնահատեց Քահանայապետական միսիոնարական հաստատութիւններու գործունէութիւնը ի սպաս Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ Աւետարանի խօսքը տարածելու, աշխարհի չորս ծագերու մէջ գտնուող ժողովուրդներուն։
Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով ընկերային ներկայ հսկայ յեղաշրջումներուն, նշեց, թէ` պէտքը կայ վերանորոգուած եկեղեցւոյ մը որ կերպարնափոխուած ըլլայ՝ շփումի մէջ մտնելով՝ Քրիստոնի Անձին հետ, Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ։
'' Վերանորոգումի աղբիւրը Սուրբ Հոգին է '', հաստատեց Քահանայապետը, ''Ան մեզի ցոյց կու տայ նոր ուղիներ, նոր մէթոտներ, զանազան արտայայտութեան նոր ձեւեր, Աւետարանելու համար ներկայ աշխարհը։
Քահանայապետական Միսիոնարական գործունէութինը, առանձնաշնորհեալ գործիք մըն է, որ առատաձեռնօրէն կը հոգայ ժողովուրդներու առաքելութեան։ Ասոր համար կը խնդրեմ ձեզմէ համբերութեամբ յարատեւել եւ զարգացնել միսիոնարական պատասխանատուութիւնը – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ապա Ճառի աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, Աստուծոյ Արքայութիւնը քարոզելու եւ Քրիստոսի ճրագը եւ սէրը տարածելու՝ աշխարհի բոլորը ծագերուն։
Ան ապա, անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը, հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որ առաջնորդէ եւ պահպանէ զանոնք աւետարանացումի ուղեւորութեան ընթացքին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.