2014-05-09 13:20:22

''Սուրբերը հերոսներ չեն այլ խոնարհութեան ու խաչի ճանապարհով Յիսուսին հետեւողներ'' ըսաւ Քահանայապետը` 9 Մայիսին արտասանած իր քարոզին մէջ։


Տոմուսա Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, ուրբաթ 9 մայիսի առաւօտեան մատուցած սուրբ զոհին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քարոզը կեդրոնացուց սրբութեան վրայ։ Սուրբերը - ըսաւ Ան – հերոսներ չեն այլ մեղաւորներ որ կը հետեւին Յիսուսին խոնարհութեան եւ խաչի ճանապարհի վրայ ու այսպէսով թոյլ կու տան որ Ան զիրենք սրբացնէ։
Մեկնելով Սուրբ Պօղոսի դարձի մասին սուրբ գրային հատուածէն Նորին Սրբութիւնը բացատրեց Եկեղեցւոյ սրբութեան նշանակութիւնը։
Եկեղեցին – ըսաւ Քահանայապետը – Յիսուս Քրիստոսի հարսն է։Ինքն է որ կը սրբացնէ Եկեղեցին ամէն օր, սուրբ զոհի միջոցաւ, հակառակ մեր մեղաւոր վիճակին։ Տէրը այս Սուրբ Եկեղեցւոյ անդամներէն մի քանիները կ՛ընտրէ ցոյց տալու համար սրբութեան ճանապարհը, եւ ցոյց տալու թէ Ինքն է որ կը սրբացնէ, որովհետեւ սրբութիւնը պարգեւ մըն է տաուած Յիսուսէն իր Եկեղեցւոյն։
''Հերոսներու եւ սուրբերու միջեւ տարբերութիւնը վկայութիւնն է, եւ Յիսուս Քրիստոսի նմանութիւնը'' յարեց Նորին Սրբութիւնը ու մատնանշեց թէ հարկ է հետեւիլ Յիսուսի ճանապարհին, որ է խաչի ճանապարհ։ Ինչպէս ըրաւ Սուրբ Պօղոսը որ կը հալածէր քրիստոնեաները ու ապա Յիսուսին հանդիպելով դարձաւ անոր անխոնջ առաքեալը մինչեւ իսկ իր կեանքը զոհելով Անոր համար։ Մենք եւս եթէ չապաշխարենք ու ամէն օր մեր խաչը չկրենք ու թոյլ չտանք որ Յիսուս աճի մեր մէջ, չենք կրնար ձգտիլ սրբութեան։ Իսկ եթէ ընթանանք այս խաչի ճանապարհէն, կարող կ՛ըլլանք վկայել Յիսուս Քրիստոսը որ մեզ անհունօրէն կը սիրէ – ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.