2014-05-09 11:19:09

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի միջնորդութիւնը Վենեզուելլայի քաղաքական տագնապին` խաղաղութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն եւ քաջութիւն։


Ս. Աթոռի Պետական Քարուղարը` Կարտինալ Փարոլին, մայիս 12 -18 2014 Վենեզուելլա պիտի գտնուի միջնորդի դերը կատարելու երկրին մէջ տիրող քաղաքական անել տագնապին։

Յայտնենք որ Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը առաքելական դեսպանի պաշտօնով ծառայած է Վենեզուելլայի մէջ եւ հաշտարարի գործօն դեր մը ունեցած է նախագահ Մատուրոյի եւ անոր հակարակորդ կուսակցութիւններու միջեւ, աշխատելով լուծում գտնել քաղաքական լարուածութիւններուն։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անցեալ 10 ապրիլ 2014-ին, նամակ մը ուղղած է կառավարութեան ու հակարակորդ կուսակցութիւններուն, հրաւիրելով զանոնք գործելու երկրին խաղաղութեան ի շահ։Սրբազան Քահանայապետը ընդգծած է որ խաղաղութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն եւ քաջութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.