2014-05-09 09:39:05

Նախագահ Սլէյման Ռայի Պատրիարքին հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարը։


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Հատի Հըպէյշ, Հանրի Հըլու եւ Ամմար Հուրի, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Ժորժ Քասսապ, Ֆատի Ապպուտ եւ Միշել Մուաուատ:
Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
«Լիուա» օրաթերթին համաձայն, Պաապտայի աղբիւրները յայտնած են, թէ նախագահ Սլէյման Սահմանադրական խորհուրդին մօտ պիտի բողոքարկէ բնակարանային հին վարձքերուն վերաբերող օրէնքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.