2014-05-09 09:41:35

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը կը հաստատէ որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերութիւնը եւ Ս. Աթոռը կը հետապնդեն միեւնոյն կէտնպատակները։


Իտալական Լա Սդամբա օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ,ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարըՊան Քի Մուն հաստատած է որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերութիւնը եւ Ս. Աթոռը կը հետապնդեն միեւնոյն կէտնպատակները։ Ան նաեւ ընդգծած է որ անցեալ տարի ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Սրբազան Հայրը ընդգծած էր` աղքատութիւնը արմատախիլ ընելու անհրաժեշտութիւնը, երրորդ հազարամեայի ծրագիրներու սահմանումը, ընկերային արդարութեան, հանդրժողութեան ու փոխադարձ յարգանքի ի խնդիր աշխատանքի կարեւորութիւնը։
Այս նիւթերը յոյժ կարեւոր են հաստատած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը եւ որուն իրագործման ամէնքս կանչուած ենք սատարելու։ Նշենք որ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը Վատիկան կ'այցելէ ընկերակցութեամբ ՄԱԿի զանազան մարմիններու 70 պատասխանատուներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.