2014-05-09 09:55:20

Ամուսնութեան խորհուրդի պայմաններ


RealAudioMP3 Քրիստոնէութիւնը` այր մարդու եւ կնոջ միութիւնը կամ միաւորութիւնը նուիրագործած է եւ Խորհուրդներուն դասին կարգած: Պօղոս Առաքեալ ամուսնական միաւորութիւնը կը նմանցնէ Քրիստոսի իր Եկեղեցիին հետ ունեցած միութեան, եւ կը պատուիրէ որ կիներ հնազանդ ըլլան իրենց այրիներուն իբրեւ Տիրոջ, որովհետեւ այր մարդը գլուխ է կնոջ. ուստի, ինչպէս որ եկեղեցին կը հնազանդի Քրիստոսի, այնպէս կիներն ալ իրենց այրերուն հնազանդ պէտք է ըլլան ամէն կերպով: (Եփես 5, 21-23)
Ամուսնութիւնը մարդկային կեանքի կարեւոր երեւոյթներէն մին է: Ամուսնութեան համար, սակայն անհրաժեշտ են կարգ մը պայմաններ, որոնցմէ են.
ա- Ամուսնութեան համար անհրաժեշտ է առողջ մարմին, իրագործելու համար Աստուծմէ սահմանուած նպատակը, որ է ստեղծագործութիւը կամ որդեծնութիւնը: Աստուած երբ հողէ ստեղծեց Ադամը եւ անոր կողի ոսկորներէն կազմեց Եւան ըսաւ. «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք եւ երկիրը լեցուցէ՛ք»: Այր եւ կնոջ բեղմնաւորութիւն պարգեւելով` Աստուած ուզեց զանոնք մասնակից դարձնել իր հրաշալի ստեղծագործութեան: Ճշմարիտ ամուսնական սէրը, ինչպէս նաեւ ընտանեկան կեանքին էութիւնը, ծնողներու հոգիներուն մէջ կը ստեղծեն տրամադրելիութիւն մը գործակցելու Աստուծոյ հետ, որ կը ցանկայ աճեցնել եւ ճոխացնել մարդկային ցեղը:
բ- Ամուսնութեան գլխաւոր պայմաններէն մին է նաեւ Չափաւորութեան տարիքը: Անչափահասներ, արբունքի չհասածներ, եւ սեռային կեանքի անընդունակներ չեն կրնար ամուսնանալ: Միջավայրի եւ տեղական օրէնքներու համաձայն տարիքները կը փոխուին: Ընդհանրապէս ընդունուած է 18 տարիքը երիտասարդին, իսկ 16 տարիքը աղջկան համար: Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար 16 տարիքը ընդունուած է տղուն համար, իսկ 14ը` աղջկան համար:
գ- Փոխադարձ յօժարութիւն եւ սէր, ամուսնական բնախօսական եւ բարոյական պարտականութիւնները կատարելու համար:
դ- Պսակին խորհուրդը կը կատարուի եկեղեցւոյ մէջ, ժողովուրդին եւ խաչեղբօր վկայութեամբ: Դուինի Ե. Ժողովին կանոն 15ի համաձայն «Պսակը եկեղեցւոյ մէջ պէտք է կատարել, մինչեւ որ նորէն եկեղեցի տարուի պսակուելու:
ե- Պսակին խորհուրդը կատարողը քահանան է, որ Մաշտոցի հրահանգին համաձայն կը հարցնէ փեսային « Որդեակ իմ մինչեւ մահ տէ՞ր ես» Փեսան կը պատասխանէ. « Այո՛ հայր սուրբ, տէր եմ հրամանաւ Աստուծոյ»: Կը հարցնէ հարսին. « Որդեակ իմ եւ դուն մինչեւ մահ հնազա՞նդ ես». հարսը կը պատասխանէ. « Այո՛ հայր սուրբ, հնազանդ եմ հրամանաւ Աստուծոյ»: Ուրեմն այրը մինչեւ մահ տէր է կնոջ, իսկ կինը մինչեւ մահ հնազանդ է իր ամուսնոյն:
զ- Կանոնական հասոնութիւն: Կանոնական հասոնութիւն ըսելով, կը հասկնանք թէ ամուսնացողներ ազգականական կապերէ հեռու պէտք է ըլլան: Հայ Եկեղեցւոյ սահմանադրութեան մէջ արտօնուած են ազգականական հինգերորդ, եւ խնամիական չորրորդ աստիճաններու պսակները:
Տղայ մարդուն եւ աղջկայ միեւնոյն դաւանութեան եւ ազգութեան պատկանիլը շատ կարեւոր է ընտանեկան կեանքի խաղաղութեան եւ երջանկութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.