2014-05-08 12:51:55

Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի մամլոյ հաղորդագրութիւնը։


Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի կեդրոնին մէջ, 8 մայիս 2014ին, տեղի ունեցաւ ժողով մը Թուրքիոյ կրօնի նախարարութեան հետ։ Ժողովին նպատակն էր սերտել պաշտօնական համագործակցութեան կարելիութիւնները։ Ներկայ ժողովը, կը կարդանք այս մասին հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, կարելիութիւն կ'ընծայէ խորացնելու երկու մարմիններու փոխադարձ ճանաչումը եւ գնահատելու երկխօսութեան կարելիութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.