2014-05-08 10:24:20

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ անիշխանութեան առումով կատարուած հաստատումներուն մասին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը վերահաստատեց, որ պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ Լիբանանի կարիքները գոհացնէ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին նախագահի ընտրութիւնը:
Խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ անիշխանութեան առումով կատարուած հաստատումներուն մասին եւ կոչ ուղղեց մարոնի ղեկավարներուն Պքերքէի նիստերուն գոյացած համաձայնութիւններուն հաւատարիմ մնալու:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը յայտարարեց նաեւ, որ եպիսկոպոսները կը հետեւին սենտիքաներուն շարժումներուն` զօրակցելով անոնց արդար պահանջներուն:
Խորհուրդը դրուատեց Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ ապահովութեան ուժերուն կողմէ գործադրուած ապահովական ծրագիրները:
Խորհուրդին նիստին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ներկաները տեղեակ պահեց Հռոմի մէջ նախկին երկու պապերուն սրբադասումին եւ Հռոմի Մար Մարուն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով կատարուած պատարագներուն եւ ձեռնարկներուն մասին:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ մատուցեց շնորհակալական աղօթք մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ոչ ոք Լիբանանէն վեհ է: «Լիբանանցիները պէտք է գիտակցին, որ Լիբանան բոլորէն ալ բարձր է, եւ եթէ Լիբանանի համար մարդիկ իրենց անձնական շահերէն չզիջին, ապա կարելի պիտի չըլլայ անոր գեղեցկութիւնը վերականգնել», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի նկատմամբ իրենց վստահութիւնը ամրապնդելու` ընդգծելով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը խիստ անհրաժեշտ է:
Լիբանան վերադարձին առիթով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իր պարտականութիւնն է Ս. հողերուն վրայ դիմաւորել Ֆրանչիսկոս պապը` աւելցնելով, որ այդ այցելութեան առումով իր պարտականութիւնները քաղաքական չեն, այլ հովուապետական:
«Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի մարոնի համայնքին բացակայութիւնը` Ֆրանչիսկոս պապը դիմաւորելու արարողութենէն, երբ ան Ս. հողեր հասնի», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան շեշտեց, որ Երուսաղէմը բոլորէն առաջ քրիստոնէութեան քաղաքն է, «եւ ես հոն պիտի երթամ ըսելու համար, որ անիկա մեր քաղաքն է եւ արաբներուն Երուսաղէմն է: Ես պիտի ուղղուիմ տեսնելու համար ժողովուրդս եւ տունս: Ս. հողերը եւ մենք գոյութիւն ունեցած ենք նախքան Իսրայէլը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք կ՛ուղղուի դէպի Երուսաղէմ եւ Ս. հողեր` առանց Իսրայէլի հետ որեւէ կապ ունենալու:
Ան ընդվզում յայտնեց, որ ինք միշտ նոյն կացութեան դիմաց կը գտնուի` նկատել տալով, որ երբ ինք կը բացակայի Լիբանանէն, նման «յարձակումներու» կ՛ենթարկուի:







All the contents on this site are copyrighted ©.