2014-05-08 12:40:58

ՄԱԿ-ի Քարտուղար Պան Քի Մունի այցելութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին։


Անցեալ շաբաթ, 3 մայիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յատնեց, թէ ուրբաթ, 9 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն կը շնորհէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար` Պան Քի Մունի ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մունի միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է անցեալ 9 ապրիլ 2013-ին, Վատիկանի մէջ։
Հանդիպումը կայացած է Քահանայապետի Մակի պատասխանատուներուն շնորհած աւանդական ունկնդրութիւններուն ծիրէն ներս, յայտնելու համար Սուրբ Աթոռի գնահատանքը Մակի տածած աշխատանքին, ի շահ աշխարհի խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.