2014-05-08 10:24:06

Լիբանան,նախագահական ընտրութեան նիստը դարձեալ յետաձգուեցաւ


Լիբանանի խորհրդարանը չորեքշաբթի,8 մայիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին հրաւիրուած էր գումարելու նախագահական ընտրութեան նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու նպատակով խորհրդարան ժամանած 73 երեսփոխաններէն 67-ն մուտք գործեցին ժողովասրահ:
Խորհրդարան ժամանող երեսփոխաններն էին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում եւ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքներու անդամներն ու շարք մը այլ երեսփոխաններ:
Նախքան նիստին սկսիլը, խորհրդարանի նախագահը իր գրասենեակին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ:
Ապա Պըրրի նիստի հրաւիրեց երեսփոխանները եւ պարզուելէ ետք, որ ներկայ երեսփոխաններուն թիւը անբաւարար է` օրինաւոր ընտրութիւն կատարելու, նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը նշանակեց հինգշաբթի, 15 մայիս 2014-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ը:
Իսկ չորեքշաբթի, 14 մայիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստի մը` քննարկելու համար պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու ամսական աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը:
Նիստէն ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երկչոտ է եւ այդ պատճառով է, որ իր թեկնածութիւնը չ՛առաջադրեր:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ Մեհրապէն կը հետեւէր ընտրական նիստի իրադարձութիւններուն, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ կատարուածը երկրին սահմանադրութեան դէմ յեղաշրջում է, որովհետեւ հակառակորդ քաղաքական ուժերը իրենց այս ընթացքով կ՛ուզեն պարտադրել հանրապետութեան նախագահը եւ ոչ թէ ընտրել զայն:







All the contents on this site are copyrighted ©.