2014-05-07 12:03:58

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութիւն. ''Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները` Խրատը''։


Չորեքշաբթի, 7 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քահանայապետական ինքնաշարժով Սուրբ Պետրոսի հրապարակի շրջանը կատարելէ եւ հոն համախմբուած հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը ողջունելէ ետք, բարձրացաւ Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական ամպիոն, ուրտեղէն ներկաներուն շնորհեց ''չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական ունկնդրութիւնը'', խօսքը կեդրոնացնելով Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներէն ''Խրատի'' պարգեւի վրայ։
Սիրեցեալ Եղբայներ ու քոյրեր, ըսաւ Քահանայապետը, այսօր պիտի անդրադարնանք Սուրբ Հոգիին շնորհած այլ պարգեւին որ թանկարժէք պարգեւ մըն է մեր կեանքին համար` Խրատի պարգեւը։ Այս պարգեւի միջոցաւ նոյնինքն Աստուած կը լուսաւորէ մեր սրտերը, մեզի ցոյց տալու համար ուղիղ ճանապարհը եւ մեզի հասկցնելու գործելու եւ խօսելու արդար կերպը – ըսաւ Քահանայապետը ու խօսեցաւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան մասին հաստատելով թէ` ''երբ Սուրբ Հոգին ընկալենք ու մեր սրտին մէջ տեղ բանանք Անոր, Ան մեզի կը յայտնէ իր ձայնը, ուղղելով մեր մտքերն ու մեր դիտաւորութիւնները Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Ան մեր ներքին հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի Յիսուս, որ մեզի համար տիպար է մեր Երկնաւոր Հօր ու մեր եղբայրակիցներուն հետ յարաբերութեան մէջ։ Այսպէսով մեզ կը մղէ իսկական ընտրութիւններ կատարելու Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ։ Այս կարելի է աղօթքով եւ Աստուծոյ հետ մտերմութեամբ ու Անոր խօսքին ունկնդրութեամբ, կամաց կամաց մէկդի դնելով մեր անձնական ու մարդկային տրամաբանութիւնները ու Տիրոջ հարց տալով թէ ''Ո՞րն է իրեն կամքը''։ Արդարեւ Մատթէոսի աւետարանին մէջ ( Գլ 10, 19-20) կը կարդանք ''Մի մտահոգուիք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք կամ ի՛նչ պիտի ըսէք։ Ձեր խօսելիքը ձեզի պիտի տրուի նոյն ժամուն։ Որովհետեւ դուք չէք որ պիտի խօսիք, այլ` ձեր Հօր Հոգին պիտի խօսի ձեր սրտերուն մէջ''։
Խրատի պարգեւը գանձ մըն է բոլոր հասարակութեան համար, որովհետեւ Տէրը մեր սրտին կը խօսի, նա մանաւանդ կեանքի դժուար պահերուն, երբ մեր եղբայրակիցներուն կը հանդիպինք որ մեզի կ՛օգնեն ճանչնալու Աստուծոյ կամքը։ Քրիստնէական հասարակութեան մէջ պէտք է մէկը միւսին թիկունք կանգնիլ հաւատքի մէջ եւ մէկը միւսը լուսաւորել Սուրբ Հոգիի ներշնչումով որպէսզի մեր կեանքը մնայ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ որ մեզ կը սիրէ եւ գիտէ մեր բարիքը – ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց մէջբերելով Սաղմոսերգուին հետեւեալ խօսքը ` ''Ես կ՛օրհնեմ Տէրը, Ինք կը խրատէ զիս, նոյնիսկ գիշերը սիրտս կը զգուշացնէ զիս։ Կանխաւ կը տեսնէի Տէրը միշտ իմ առջեւս, կը կանգնի իմ աջիս, ես կը մնամ անսասան։'' Թող Սուրբ Հոգին մեր սրտերուն մէջ զեղու այս վստահութիւնը ու մեզ մխիթարէ իր խաղաղութեամբ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր հաւատացեալները, երիտասարդները, հիւանդները եւ նորապսակեալները յանձնելով Աստուածամօր հովանիին ու բոլորը քաջալերելով, այս ամսուայ ընթացքին արժէքաւորելու Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.