2014-05-07 12:40:53

Քահանայապետի ի նպաստ ''Centesimus Annus'' կոչուած հիմնարկի միջազգային գիտաժողովը։


Մայիս 8-էն – 10ը, Վատիկանի սիւհնոսդասկան նոր դահլիճին մէջ, նախաձեռնութեամբ Քահանայապետի ի նպաստ ''Centesimus Annus'' կոչուած հիմնարկին, ինչպէս ամէն տարի, տեղի կ'ունենայ միջազգային գիտաժողով, որ ունի որպէս նիւթ՝ ''բարի ընկերութիւն եւ աշխատանքի ապագայ. Կարե՞լի է որ եղբայրակցութիւնն ու աջակցութիւնը մաս կազմեն աշխատանքային ասպարէզին հայող որոշումներուն։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, անցեալ տարի, հիմնարկի անդամներուն յղած պատգամին մէջ, անոնցմէ խնդրեց գործնական միջոցներ գտնել տնտեսական կեանքէն ներս եղբայրասիրութեան ներգրաւման ի խնդիր։Քահանայապետի ի նպաստ հիմնարկի նախագահ տիար Տոմինկօ Սուկրանյէս Պիքէլ, ներկայացնելով այս տարուայ ձեռնարկը, յայտնած է թէ այս գիտաժողովի նիւթը ընտրուած է հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի վերոյիշեալ հրաւէրին վրայ։
Գիտաժողովին խօսք կ'առնեն աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած համալսարանական դասատուներ, եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ գործատէրեր, ներկայացնելով ընդհանուր ակնարկ մը հայող ներկայի տնտեսական ձգտումներուն եւ կեդրոնանալով աշխատանքի նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման ինչպէս նաեւ աշխատանքի անհաւասարութեան նիւթին շուրջ։
Յայտնենք թէ շաբաթ 10 մայիսին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուկնդրութիւն պիտի շնորհէ գիտաժողովի բոլոր մասնակիցներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.