2014-05-06 09:23:21

Մոսկուա. Ուքրանիոյ իրավիճակը կրնայ ամբողջ Եւրոպայի մէջ տագնապներ յառաջացնել


Ria.ru կը գրէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր այսպէս կոչուած «Սպիտակ գիրքին մէջ» յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ անօրինականութեան շարունակութիւնը կրնայ ամբողջ Եւրոպայի մէջ տագնապներ սրելու յանգեցնել:
«Համոզուած ենք, որ Ուքրանիոյ մէջ անօրինականութեան շարունակութիւնը կրնայ վերածուիլ շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիքի, յանգեցնել միջազգային եւ ազգամիջեան հակասութիւններու եւ տագնապներու հետագայ աճի թէ՛ Ուքրանիոյ մէջ, թէ՛ ալ Եւրոպայի մէջ», ըսուած է զեկուցումին մէջ:
«Յոյս ունինք, որ վերջապէս ատիկա պիտի հասկնան ականաւոր միջազգային կառոյցներուն մէջ, որոնք իրենց լիազօրութեանց ծիրին մէջ պէտք է ներդրում ունենան մարդու իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներու առարկայական եւ չքաղաքականացուած հետաքննութիւններու կատարման եւ Ուքրանիոյ մէջ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքի խնդիրի լուծման հարցին մէջ: Մեղաւորները պէտք է իրենց արժանի պատիժը կրեն: Հակառակ պարագային ծայրայեղականները կրնան վտանգաւոր խրախուսական ազդանշան ստանալ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մոսկուա Քիեւի եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց «միացեալ ճիգ» թափելու` վերջ տալու համար «ցեղապաշտութեան, այլատեացութեան, ցեղային անհանդուրժողականութեան (եւ) նացիներու փառաբանութեան»:
Միւս կողմէ, ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, արեւելեան Ուքրանիոյ Սլովիանսք քաղաքի մուտքին գտնուող ռուսամէտ զինեալները ուքրանական ուժերու յարձակումներուն պատճառով նահանջած են: Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ կառավարական ուժերը գրաւած են քաղաքի արուարձաններուն մէջ գտնուող պատկերասփիւռի աշտարակը, իսկ ռուսամէտ զինեալները դէպի քաղաք նահանջած են:
Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսեն Աւագով յայտնեց, որ ուքրանական բանակի շարք մը անդամներ սպաննուած են: Ան զոհերու յստակ թիւ չփոխանցեց, սակայն նշեց, որ ութ զինուորներ թակարդի մը մէջ իյնալով վիրաւորուած են: Ռուսամէտ զինեալները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ իրենց շարքերուն մէջ 20 զոհ արձանագրուած է:
Նշենք, որ ուքրանական բանակը կիրակի օր քաղաք տանող գլխաւոր ճամբան կտրած էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.