2014-05-06 09:04:10

Եկեղեցին ունեցաւ հայասէր նոր Սուրբ մը
շարունակութիւն


RealAudioMP3 17 Նոյեմբեր 1992-ին Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ, հայածէս հայրապետական Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ն. Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը, Ա. Տ. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Հայ Կաթողիկէ ամբողջ նուիրապետական դասի Հայրապետներուն հետ, Արհիապատիւ Ներսէս Տէր Ներսէսեանը Մխիթարեան Ուխտէն, Արքեպիսկոպոս օծեց որպէս աոաջին վիճակաւոր Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքին ՛
Հայոց քրիստոնէացումին 1700 ամեակի առիթով, ՅովՀաննէս Պօղոս Բ. հայասէր Քահանայապետը Առաքելական նամակ մը ուղղեց որուն մէջ կը յիշատակէ Հայ ժողովուրդը՝ որպէս աոաջին քրիստոնեայ պետութիւն, ինչպէս նաեւ անոր հաւատարմութիւնը Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանին, իր կրած չարչարանքները եւ նահատակութիւնները դարաւոր եւ ալեկոծեալ իր պատմութեան ընթացքին:
Մէջբերենք հետեւեալ հատուածը. «Հայերը, որպէս խաղաղութեան եւ աշխատասիրութեան պատգամաւորներ, աշխարհը շրջեցան ու անցան, եւ իրենց ձեռքերու ծանր աշխատանքով թանկագին նպաստ մը ընծայեցին: Քրիստոնեայ ժողովուրդը ուրախ է իրենց վեհանձն եւ հաւատարիմ ներկայութեան համար եւ կը մաղթէ, որ անոնք միշտ համակրանք եւ հասկացողութիւն կարենան գտնել աշխարհի ամէն կողմ»:
25-27 Սեպտեմբեր 2001-ին, Սուրբ ՅովՀաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը Հա-յաստան այցելեց հիւրը դառնալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:
Պատմութեան մէջ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Ս. Պետրոսի յաջորդներէն աոաջինն է, որ Հա-յաստան այցելեց, եւ մեր բիւրաւոր նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի կոթողին առջեւ ամփոփուելով աղօթեց: Ան նաեւ առաջին քահանայապետը եղաւ որ ճանչցաւ 1915-ի Հայոց Յեղասպանութիւնը եւ դատապարտեց անոր ահաւոր ոճրագործութիւնը:
7 Հոկտեմբեր 2001-ին, Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, Սուրբ ՅովՀաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Մարտինի Արքեպիսկոպոս Ինգնատիոս Մալոյեանը՝ երանելի հռչակեց, ի ներկայութեան կաթողիկէ Արեւելցի բոլոր Պատրիարքներուն, հարիւրաւոր կարտինալներու, Եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու եւ հաւատացելաներու հոծ բազմութեան:
19 Յունուար 2005-ին Սրբազան Պապը բացումը կատարեց եւ օրհնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հսկայ մարմարեայ արձանը, որ զետեղուեցաւ Ս. Պետրոս Մայր Տաճարի արտաքին պատին որմնախորշին մէջ, ի ներկայութեան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, կարդինալներու, Սիւնհոդոսական Հայրերու, Հայ վարդապետներու, մայրապետներու եւ զանազան առաքելավայրերէն Հռոմ ժամանած Հայ Կաթողիկէ ուխտաւորներու ու քաղաքական ներկայացուցիչներու:
Հայ ժողովուրդը չի մոռնար այն գեղեցիկ հանդիպումները եւ իրեն ուղղուած քահանայապետական յորդորները: Պիտի չմոռնանք երբեք այն գեղեցիկ աղօթքը որ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Ծիծեռնակաբերդի յուշալիրին առջեւ.
«Լսէ' Տէր, ձայնը Հռոմի Եպիսկոպոսին, արձագանգող՝ իր նախորդ Պենետիկտոս ԺԵ. Պապի խնդրանքին, երբ 1915-ին ան իր ձայնը բարձրացուց ի պաշտպանութիւն «բնաջնջումի եզրին հասցուած ցաւալիօրէն տառապած հայ ժողովուրդին»:
Հովանի եղիր այս երկրի մարդոց, որոնք շատոնց իրենք զիրենք վստահեցան Քեզի, որոնք յաղթահարեցին մեծ փորձանքը՝ երբեք չխոտորելով իրենց հաւատարմութեան մէջ Քեզի հանդէպ :
Սրբէ՛ իրենց աչքերէն ամէն արցունք եւ շնորհ ըրէ', որ քսաներորդ դարու տառապանքը իրենց պարգեւէ կեանքի հունձք մը, որ պիտի տեւէ յաւիտեանս»:

Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատարեան








All the contents on this site are copyrighted ©.