2014-05-05 12:21:26

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Պուրունտիի եպիսկոպոսներուն։


Երկուշաբթի, 5 մայիսի առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Պուրունտիի եպիսկոպոսական դասը, Հռոմ կատարած ուխտագնացութեան եւ ս. Պետրոսի յաջորդին կատարած հնգամեայ այցելութեան առթիւ։
Անոնց յանձնած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը իր սիրալիր ողջոյնը կ՛ուղղէ Պուրունտիի կղերին եւ հաւատացեալներուն։ Աղօթքս կը բարձրացնեմ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու, որպէսզի ձեզի համար ընդունին շնորհքը լաւագոյնս կատարելու ձեր առաքելութիւնը։ Անոնք Յիսուսի օրինակին հետեւելով իրենց արիւնը թափեցին Աւետարանին ի սպաս, մենք եւս կանչուած ենք մեր հաւատքի վկայութիւնը տալու մեզի յանձնուած հօտին – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ապա ակնարկեց եկեղեցւոյ անդամներու միջեւ միութեան կարեւորութեան, ընկերային ու քաղաքական երկխօսութեան անհրաժեշտութեան ու հանրային իշխանութիւններու հետ տեւական շփումին։
''Ձեր երկիրը անցեալին ճանչցաւ բաժանում, արիւնալի ընդհարումներ։ Խոր վէրքերը տակաւին չեն դարմանուած։ Միայն Աւետարանին վերադառնալով է որ պիտի կարողանաք եղբայրական սէրը եւ ներումը հաստատել Պուրունտիի հաւատացեալներուն միջեւ։ Հետեւաբար ձեր գլխաւոր առաքելութիւնը կը կայնայ վերաւետարանելու ձեր ժողովուրդը։ Եկեղեցին պէտք ունի ճշմարիտ վկաներու, Քրիստոսի մէջ արմատացած վկաներու'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով հարկաւորութիւնը քահանայական թեկնածուներու լուրջ պատրաստութեան, աշխարհականներու հաւատքի հասունութեան ու նոր սերունդի մարդկային ու քրիստոնէական կազմաւորումին։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառը եզրափակեց իր առաքելական օրհնութիւնը տալով եպիսկոպոսներուն ու Պուրիւնտիի ժողովուրդին ու հայցելով Տիրամօր հովանաւորութիւնը կղերին, կրօնուսոյցներուն ու թեմերու հաւատացեալներուն վրայ։
Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետը ճառին մէջ վերակոչեց Ս. Աթոռի եւ Պուրունտիի հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած (նոյեմբեր 2012-ին) զանազան մարզերու հայող համագործակցութեան համաձայնագրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.