2014-05-05 09:30:45

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը Լեհերու Սուրբ Սթանիզլաւ եկեղեցւոյ մէջ` ''Յովհաննէս Պօղոս Բ իսկական ժայր մըն է կառչած Քրիստոսին''։


Կիրակի, 4 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Հռոմի Լեհերու յատկացուած ժողովրդապետութեան` Սուրբ Սդանիզլաւի նուիրուած Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց գոհաբանական Սուրբ Պատարագին, առ ի շնորհակալութիւն Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբադասումին։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբակենցաղ օրինակին, զայն որակեց որպէս ''ժայր մը կառչած Յիսուսին''։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ուր Գործք առաքելոցի մէջ Պետրոս կը հռչակէ Յիսուսի Յարութիւնը, Պետրոս` որ Քրիստոսի յոյսի վկան է։ Յովհաննէս Պօղոս Բ ալ եղաւ Պետրոսի նման իսկական ժայր մը կառչած մեծ Ժայրին որ է Քրիստոս, ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ակնարկեց Լեհ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթին կրած հալածանքներուն. Լեհ Ժողովուրդը – ըսաւ Սրբազան Հայրը – քաջ գիտէ թէ փառքին արժանանալու համար հարկաւոր է անցնիլ խաչի ճանապարհէն, այնպէս ինչպէս ըրաւ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, հաստատեց Քահանայապետը ու խրախուսեց ներկաները հետեւելու այդ ճանապարհին ու ըլլալու Էմմաուսի աշակերնետերու նման Քրիստոսի յոյսի վկաները։ Յիսուս այսօր եւս հոս է, մեր մէջ, մեզի կ՛ընկերակցի` ուղեւոր Յրուցեալը։Մենք ալ կարող ենք դառնալ ''ուղեւոր յարուցեալներ'' եթէ Յիսուսին Խօսքը մեր սրտերը ջերմացնէ, Անոր հաղորդութիւնը մեր հաւատքի աչքերը բանայ ու մեզ սնուցէ Քրիստոնէական Յոյսով ու սիրով։ Մենք ալ կրնանք ընթանալ մեր տխուր եւ յուսահատ եղբայր ու քոյրերու կողքին ու ջերմացնել անոնց սրտերը Աւետարանի խօսքերով ու անոնց հետ կիսելով եղբայրական հացը։ Սուրբ Յովհաննէս Բ օգնէ մեզ ըլլալու ուղեւոր Յարուցեալները – ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.