2014-05-05 09:55:53

Ռայի Պատրիարքին կողմէ Յորդանան, Երուսաղէմ Եւ մերձակայ շրջաններ կատարելիք այցելութիւնը` լուսարձակի տակ


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Լուրտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կիրակի, 4 մայիսին, մատուցեց կիրակի օրուան պատարագը, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ իսկական հրաշքը այն է, որ մարդ արարածը ամէնօրեայ դրութեամբ արթնցնէ իր հաւատքը եւ բուժէ իր հոգին: Ան նշեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը մնայուն կերպով կոչ ուղղած է Միջին Արեւելքի տագնապներուն խաղաղ լուծումներ գտնելու, «եւ պէտք է ընդգծել, որ ներողամտութիւնը, երկխօսութիւնն ու հաշտութիւնը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ազդակներն են»:
Նշենք նաեւ, որ 24-26 մայիսին Ֆրանչիսկոս պապին Ս. հողեր` Յորդանան, Երուսաղէմ եւ մերձակայ շրջաններ կատարելիք այցելութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքին ընկերակցութիւնը լուսարձակի տակ առնուած է եւ ներքին լիբանանեան առումով տարակարծութիւններու դուռ բացած:
Այդ պատճառով մարոնի եկեղեցին եւ հոգեւորականները յաճախակի յայտարարութիւններ կը կատարեն, ընդգծելու համար, թէ Ռայի պատրիարքին կատարելիք այդ այցելութիւնը հովուապետական է:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ընդվզած է նախագահական ընտրութեան առումով յառաջացած միջմարոնիական տագնապներէն, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ մարոնի ղեկավարները մնայուն կերպով կը դրժեն միասնական մնալու իրենց խոստումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.