2014-05-05 12:54:34

''Եկեղեցւոյ մէջ կան անձեր, որ Յիսուսի կը հետեւին, յագեցնելու համար իրենց սնապարծութեան, իշխանութեան եւ դրամի ծարաւը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


Երկուշաբթի, 5 մայիսի առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ Աւետարանի ընթերցումին վրայ, ուր կը խօսուի հացի եւ ձուկի բազմապատկումի հրաշքի մասին։
Նորին Սրբութիւնը քարոզին մէջ հրաւիրեց բոլորը հարց տալու ''արդե՞օք Յիսուսին կը հետեւինք մղուած սէրէն, կամ թէ միայն բան մը ակնկալելու համար''։ Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ բոլորս մեղաւորներ ենք, ու թէ հարկ է ''մաքրուիլ'' Տիրոջ հետեւելու համար։ Ան ապա անդրադարձաւ երեք ''վարուելակերպերու'' որոնք անյարմար են Յիսուսին հետեւելու համար` ''Սնապարծութիւն, իշխանութիւն եւ դրամասիրութիւն''։ Ան ապա հաստատեց թէ ''Եկեղեցւոյ մէջ կան անձեր, որոնք կը հետեւին Յիսուսի, յագեցնելու համար իրենց սնապարծութեան, իշխանութեան եւ դրամի ծարաւը''։ Շատեր Եկեղեցին կ՛օգտագործեն իրենց շահերուն համար։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը ըսաւ` ''Խնդրենք Տիրոջմէ, որպէսզի մեզի ուղարկէ Սուրբ Հոգին, հետեւելու համար Անոր՝ ուղամիտ դիտաւորութեամբ, առանց՝ սնապարծութեան, առանց դրամի եւ առանց իշխանութեան ձգտելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.