2014-05-05 11:38:31

ԵԱՀԿ-ը սահմանի վրայ ծրագրային դիտարկում պիտի իրականացնէ


Մայիս 6-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ` ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանին ծրագրային դիտարկում պիտի իրականացնէ ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Սէյսուլան բնակավայրի հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ԱԳ նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Գասպշիկը եւ անոր դաշտային օգնականներ Եւկենի Շարովը (Ուքրանիա) եւ Խրիսթօ Խրիսթովը (Պուլկարիա):
ԼՂՀ իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման իրականացման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.