2014-05-03 12:43:16

Հայաստանի մամուլը կը մնայ ոչ ազատ. «Freedom House»


«freedom house» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Մայիսի 1-ին հրապարակած է իր ամենամեայ «Մամուլի ազատութեան» զեկոյցը: Զեկոյցը արձանագրած է, որ 2014-ի մամուլի ազատութիւնը աշխարհի մէջ իջած է վերջին տասնամեակին ամենացած կէտին: Այդ անկման պատճառը մերձաւորարեւելեան մի քանի երկիրներու՝ Եգիպտոսի, Լիպիոյ, Յորդանանի, ինչպէս նաեւ Թրքիոյ, Ուքրանիոյ արեւելեան Ափրիկէի շարք մը երկիրներու մէջ տեղեկատուութեան ազատութեան յետընթացով:
Զեկոյցը կը նշէ, որ յետընթաց եղած է նաեւ յարաբերականօրէն ազատ տեղեկատուական միջավայր ունեցող Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Իրանը 190-րդ տեղն է, Ատրպէյճան՝ 183-րդ, Թուրքիա 134-րդ, իսկ Վրաստան, որ համարուած է մասամբ ազատ, զբաղեցուցած է 47-րդ հորիզոնականը:
Նախորդ տարուան համեմատ Հայաստան դիրքը չէ փոխած՝ Թուրքիոյ հետ միասին 134-րդ հորիզոնականն է՝ իբրեւ ոչ ազատ երկիր, սակայն մեկ միաւորով նահանջած է եւ ունի 62 միաւոր:







All the contents on this site are copyrighted ©.