2014-05-03 12:14:55

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Յովհ 2, 23-3,12


RealAudioMP3 23 Երբ Զատիկի տօնին ատենը Երուսաղէմ էր, շատ մարդիկ հաւատացին անոր անունին` տեսնելով անոր ըրած նշանները:
24 Բայց ինք` Յիսուս` չէր հաւատար անոնց, որովհետեւ կը ճանչնար ամէն մարդ.
25 պէտք չունէր` որ մէկը [ուրիշ] մարդու մասին վկայէր իրեն, քանի որ ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն մէջ:

3

1 Փարիսեցիներէն մարդ մը կար` Նիկոդեմոս անունով, որ Հրեաներու պետ մըն էր:
2 Ասիկա գիշերուան մէջ եկաւ *Յիսուսի քով եւ ըսաւ անոր. “Ռաբբի՛, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես. որովհետեւ մէ՛կը չի կրնար ընել այն նշանները` որ դուն կ'ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ”:
3 Յիսուս պատասխանեց անոր. “Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Եթէ մէկը *վերստին չծնի` չի կրնար տեսնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը”“:
4 Նիկոդեմոս ըսաւ անոր. “Ի՞նչպէս կրնայ ծնիլ մարդ մը` որ ծերացած է: Կարելի՞ է, որ երկրորդ անգամ մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի”:
5 Յիսուս պատասխանեց. “Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Եթէ մէկը ջուրէն ու Հոգիէն չծնի` չի կրնար մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը”:
6 Մարմինէն ծնածը` մարմին է, եւ Հոգիէն ծնածը` հոգի է:
7 Դուն մի՛ զարմանար որ ըսի քեզի. “Դուք պէտք է վերստին ծնիք”:
8 Հովը կը փչէ ո՛ւր որ ուզէ. կը լսես անոր ձայնը, բայց չես գիտեր ուրկէ՛ կու գայ, կամ ո՛ւր կ'երթայ: Ո՛վ որ Հոգիէն կը ծնի` ա՛յսպէս է”:
9 Նիկոդեմոս ըսաւ անոր. “Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ ատիկա”:
10 Յիսուս պատասխանեց անոր. “Դուն Իսրայէլի [մէջ] վարդապետ մըն ես, ու չե՞ս գիտեր այս բաները:
11 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի թէ ինչ որ գիտենք` կը խօսինք, եւ ինչ որ տեսանք` կը վկայենք, ու չէք ընդունիր մեր վկայութիւնը:
12 Եթէ երկրային [բաներու] մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ի՞նչպէս պիտի հաւատաք` եթէ երկնային [բաներու] մասին խօսիմ ձեզի:







All the contents on this site are copyrighted ©.