2014-05-03 12:55:54

Զուիցերացի 30 նոր պահակներու երդման արարողութիւնը յառաջիկայ 6 մայիսին։


Յառաջիկայ 6 մայիսին, Վատիկանի մէջ, Զուիցերացի 30 նոր պահակներ երդում պիտի կատարեն։ Վատիկանի ներքին գործոց նախարար` գերապայծառ Ճովաննի Անճելօ Պեչչու` որպէս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ, կը գլխաւորէ երդման արարողութիւնը։ Այս տարուայ երդման արարողութեան հիւրն է զուիցերական Շվից նահանգի ներկայացուցիչ` տիար Վալթեր Սդահլին։ Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Զուիցերիոյ նոր դեսպանը տիար Իվ ֆուքս։
Յայտնենք որ Զուիրացի նոր պահակներու երդման արարողութիւնը ամէն տարի տեղի կ'ունենայ 6 մայիսին։ Այդ թուականով կը ոգեկոչուի ''Հռոմի աւարը'', որուն ընթացքին 6 մայիս 1527-ին Կարոլոս 5-րդի վարձազօրքը կողոպտեց եւ աւարեց Յաւիտենական Քաղաքը։ Այդ յարձակումին ընթացքին 147 Զուիցերացի պահակներ սպաննուեցան Կղմես Է. Քահանայապետը (1523-1534) պաշտպանելով։
Վատիկանի Զուիցերացի պահակազօրքը, 103 հոգիէ բաղկացած, կազմաւորուած է 1527 թուականին։ Անոր անդամ զինուորներն ու սպաները կը ծառայեն 2–20 տարի։ Դարերու ընթացքին անոնց համազգեստը փոփոխութիւն չի կրեց, և այդ է պատճառը, որ միջնադարեան համազգեստներով պապական զինուորները մշտապէս կը գրաւեն Վատիկան այցելող հիւրերու և զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը։Վատիկանի զինուած ուժերը կը համարուին աշխարհի ամենափոքրաթիւ զինուած ուժերէն մէկը: Զուիցերացի պահակները կ' ապահովեն Հռոմի Պապի և անոր նստավայրի անվտանգութիւնը1506էն ասդին:
Յայտնենք որ երկուշաբթի 5 մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Զուիցերական Պահակագունդին, իսկ յետմիջօրէին նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս, ժամասացութեան արարողութիւն ու ապա համերգ եւ հիւրասիրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.