2014-05-03 12:14:51

Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՆԱՆՑ
ՅՈՎ. Բ, 23 - Գ, 12


RealAudioMP3 Զատիկին յաջորդող երրորդ Կիրակին կը կոչուի աշխարհամատրան Կիրակի (basilica – Տաճար): 2 բացատրութիւն
Նոյն օրը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ` յանուն Յովհաննու Մկրտչին շինած է Հայաստանի առաջին եկեղեցին – մատուրը: Այդ մատրան յիշատակը կը կատարուէր:
Անիկա երեւելի մատուռը կամ եկեղեցին էր, որ հիմնուած էր առաքեալներու կողմէն վերնատան կից, ուր ըստ աւանդութեան Քրիստոս Սուրբ հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց: Յիսուսի համբարձումէն ետք աշակերտները, Աստուածամօր գլխաւորութեամբ, սովորութիւն ըրին այդ մատռան մէջ հաւաքուելու, եւ պաշտամունք կատարելու: Նաեւ այդ տեղին մէջ է որ Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ (Հոգեգալստեան օրը): Հետեւաբար այս մատուռը առաջին քրիստոնեաներուն որպէս աղօթավայր ծառայեց եւ դարձաւ բոլոր եկեղեցիներուն մայրը (աշխարհի մատուռ):
Այսօրուայ զոյգ ընթերցումները կը ներկայացնեն մեզի երկու երեւելի անձնաւորութիւններու դարձը: Առաքեալներու գործերուն մէջ Ղուկաս երկարօրէն կը պատմէ այդ Աստուածավախ եւ Աստուածապաշտ հռոմէացի հարիւրապետին` Կիւրնելիոսին դարձը: Մեր հայրերը սակայն մեզի կը գոհացնեն ներկայացնելով միմիայն այդ կարճ հանդիպումը զոր տեղի ունեցաւ Պետրոսի եւ Կիւրնելիոսի միջեւ, մեր ուշադրութիւնը հրաւիրելով ձերբազատումի կրօնական քառացած օրէնքներէն, ինչպէս որ Տեսիլքին միջոցաւ Աստուծոյ ձայնը կը հրաւիրէ Պետրոսը ձերբազատուելու օրինական մաքրութենէն եւ հաղորդակցութիւն հաստատելու հեթանոսութեան հետ:
Իսկ երկրորդ երեւելի անձնաւորութիւնը` Նիկոդեմոսն է: Պատուական մարդ էր Նիկոդեմոսը: Փարիսեցի մըն էր. օրէնսգէտ ու հրեաներու բարձր ատեանի անդամ: Ան գիշերանց կը հանդիպի Յիսուսի հետ, զրուցելու Հաւատքի դաւանանաքի որոշ կէտերու շուրջ:
Հանդիպման առաջին րոպէին, Նիկոդեմոս յայտնեց իր հաւատքը. «Ռաբբի, գիտենք որ Աստուծմէ եկած ես իբրեւ վարդապետ, վասնզի ոչ ոք կրնայ ընել քու գործած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ»: Նիկոդեմոս եւ ուրիշ հրեաներ կը հաւատային Քրիստոսի զօրութեան, եւ թէ անոր գործերը եւ հրաշքները ի վերուստ էին: Սակայն չէին հաւատար որ Քրիստոս երկինքէն իջաւ, եւ թէ Ան Աստուծոյ Որդին է: Նիկոդեմոս եւ հրեաները չէին հաւատար այս իրականութեան, որովհետեւ կարիքը ունէին վերածնունդի, հոգեւոր վերածնունդի: Յիսուս առանց վարանելու կ՛ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, եթէ մէկը վերըստին ջուրէն եւ հոգիէն չծնի չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել»:
Հակառակ իր բոլոր գիտութեան եւ բարեպաշտութեան Նիկոդեմոս ոչինչ հասկցաւ այս նախադասութենէն: Ինչո՞ւ չի հասկցաւ: Որովհետեւ Մկրտութեան աւազանէն չէ անցած` չի գիտէր Սուրբ Հոգիին ներգործումը իւրաքանչիւր մկրտեալի մէջ: Չի՛ հասկնար Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհքը (Ս. մկրտութեան խորհուրդին մէջ, Քահանան Աստուծմէ կը խնդրէ որպէսզի առաքէ իր Ս. Հոգին մկրտութեան աւազանի ջուրին վրայ, որպէսզի ջուրը որուն մէջ կը մկրտուի երեխան ըլլայ մեղքերու թողութիւն, Սուրբ Հոգւոյն ընդունելութիւն, երկնաւոր Հօր որդեգրութեան շնորհք եւ երկինքի արքայութեան ժառանգութիւն):
Վերստին ծնունդը` շնորհք մըն է, որով մենք կը ստանանք մկրտութեան աւազանին մէջ: Այլ խօսքով Յիսուս կ՛ուզէր հասկցնել օրէնսգէտին թէ ոչ ոք կրնայ զԱստուած ճանչնալ իր գիտութեամբ, բարեպաշտութեամբ կամ բարեգործութեամբ: Կրնանք եկեղեցի յաճախել, ժամերով աղօթել եւ բարեգործութիւններ ընել, եւ այնուհանդերձ Աստուծմէ հեռու մնալ: Ի՞նչու: Որովհետեւ մեր Քրիստոնէական կրօնքի վարդապետութիւնները խելքի գիւտ չեն: Մեր աղօթքներուն մէջ եթէ կեանք չկայ կը դառնան պարզ ընթերցումներ: (աշխարհագրական գիրք կամ պատմական): Պէտք է հաւատամ ամէն մէկ բարին զոր կ՛արտասանեն, որովհետեւ քրիստոնեան գիտեմ չ’ըսեր այլ` կը հաւատամ: Քրիստոնեան չ’ըսեր գիտեմ որ մէկ Աստուած կայ, այլ կը հաւատամ մէկ Աստուծոյ: Հաւատք ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ, Զինք Ճանչնալ եւ պատկանիլ Աստուծոյ բոլորովին տարբեր գաղափարներ են:
Նիկոդեմոս հասկցաւ: Հասկցաւ որ չկայ ճշմարտութիւն եւ ոչ ալ փրկութիւն Քրիստոսէ դուրս: Հետեւաբար Յիսուսի հանդիպումէն կերպարանափոխուեցաւ ու փարեցաւ Քրիստոսի: Պաշտպանեց զինք քահանայապետներուն դիմաց ու ապահովեց անոր թաղումն ու գերեզմանը:
Ուստի, ինչպէս որ Յիսուս իր լոյսով ու ճշմարտութեամբ կերպարանափոխեց Նիկոդեմոսը, Թող Աստուած իր Ս. Հոգին ղրկէ, որպէսզի մեզ լուսաւորէ ճանչնալու համար մեր տկարութիւնները, մեր սահմանափակ գիտութիւնը: Մեր մէջէն վերցնէ Հին մարդը, մեղաւոր մարդը, հպարտ մարդը, եւ լեցնէ մեր սիրտը Ս. Հոգիի զօրութեամբ, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի շնորհքով, որուն կը վայելէ փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը, միշտ եւ յաւիտեան. ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.