2014-05-02 09:44:30

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Մայիս Ամսուայ ընթացքին գլխաւորած արարողութիւնները։


Մայիս ամսուայ վերջաւորութեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Սուրբ Երկիր ոգեկոչելու, հիսուն տարիներ առաջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումը ընդմէջ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ի եւ Աթենակորաս Ա-ի։ Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմէն կը մեկնի շաբաթ 24 մայիսին ու կը վերադառնայ 26 մայիսին։
Բացի սովորական հրապարակային ունկնդրութիւններուն եւ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքներուն Ֆրաչիսկոս Քահանայապետը, Կիրակի 11 մայիսի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ պիտի նախագահէ Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան, հուսկ Կիրակի 18 մայիսի յետմիջօրէին, հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմի ''Տիվինօ Ամորէ - Աստուածային Սէր'' մարեմեան սրբավայրին։
Մինչ Կիրակի 25 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը, Բեթղեհէմի Քարայրին մէջ պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը ու ապա նոյն վայրէն պիտի արտասանէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.