2014-05-02 13:15:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Ուրբաթ, 2 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանու Հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչիա, որմէ ետք ընդունեց Անկոլայի Հանրապետութեան նախագահը` Տիար Խօսէ Էտուարտօ Տոս Սանդոս, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։

Ժամը 11,15-ին Սրբազան Հայրը ընդունեց Արժանթինէն ժամանած Մահմետական մէկ պատուիրակութիւնը ու ապա Քահանայապետներու սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ ''Տնտեսութեան նորաստեղծ խորհուրդի'' անդամներուն հետ, որոնք իրենց անդրանիկ ժողովը կը գումարեն։
Ժամը 11,45-ին, Քլեմենթինա Սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ընդունեց ''Քահանայապետական Հիմնադրամի'' 200 անդամները, հուսկ ժամը 12,15-ին, Քոնչիսթորօ սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Նափոլիի եւ Ֆիրենցէի ոտնագունդի հաւաքականին, ինչպէս նաեւ Իտալական ոտնագունդի խաղի ընկերակցութեան պատասխանատուներուն։

''Քահանայապետական Հիմնադրամի'' անդամներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը գնահատեց Եկեղեցւոյ ի սպաս հաստատութեան տածած աշխատանքը, նա մանաւանդ եղբայրօգնութեան եւ բարեսիրական գործունէութեամբ ինչպէս նաեւ կազմաւորումի մարզէն ներս։
Ակնարկելով ապա այս օրերուն ապրուած յատուկ ծիսակատարութիւններուն եւ երկու քահանայապետերու Սրբադասումին, Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց որ բոլոր ներկաները վերահաստատուին իրենց Մկրտութեան Շնորհքի մէջ եւ յանձնառու ըլլան աշակերտելու Յիսուսին, Անոր հետ անձնական հանդիպումէն բխած ուրախութեամբ։ Սրբազան Հայրը հայցեց ապա Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ու անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։

Իսկ ոգտնագունդի հաւաքականին հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շեշտը դրաւ մարզանքի կարեւորութեան վրայ ու անոր ընկերային կեանքի վրայ ունեցած ազդեցութեան։ Ան ապա վերյիշեց իր մանկութեան օրերը երբ մարզադաշտ կը յաճախէր եւ յոյս յայտնեց որ ոտնագունդի խաղը իր պարզութիւնը վերագտնէ ու հեռու ըլլայ դրամական եւ այլ շահերու հետապնդումէն ու ապա խօսքը ուղղելով մարզիկներուն անոնց յայտնեց թէ իրենց պատասխանատուութիւնը մեծ է եւ թէ օրինակ հանդիսանալու են շատ մը երիտասարդներուն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.