2014-05-02 12:33:10

Մէքսիքոյ. ''Թեզէյի'' երիտասարդական եկեղեցական շարժումի՝ ուխտագնացութիւնը։


Մայիս մէկէն մինչեւ մայիս չորս, Մէքսիքօ քաղաքին մէջ,կազմակերպութեամբ՝ ''Taizé'' կոչուած երիտասարդական եկեղեցական շարժումին, տեղի կ'ունենայ ''յոյսի ուխտագնացութիւն'' որուն նպատակն է հռչակել Քրիստոսը, եւ միասնաբար ընթանալ յոյսի աղբիւրին, վերանորոգելով իրաքանչիւրի յանձնառումը եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ։
Յոյսի ուխտագնացութեան ընթացքին նախատեսուած են՝ աղօթք, այցելութիւններ զանազան եղբայրսիրական վայրերու, յոյսի վկայութեան հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ
Սուրբ գիրքէն քաղուած խորհրդածութիւններ ։
''Taizé'' կազմակերպութեան եւ Լատին Ամերիկայի միջեւ բարեկամական կապերը
սկիզբ առած են 1950ական թուականներուն։
1966-էն սկսեալ, կազմակերութեան պատկանող երիտասարդներ հոն բնակութիւն հաստատած են, եւ 1974-ին, Կուատալաժարա կոչուած քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած է
Երիտասարդաց հանդիպում, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ՝ ''Taizé'' ի հիմնադիր` եղբայր Ռոժէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.