2014-05-02 09:47:19

Հանգիստ հոգւոյ Հայր Ռափայէլ Վրդ. Անտոնեանի


Ծնեալ Հալէպ 14-01-1941- վախճանեալ Պոսթոն 06-04-2014

Մխիթարեան Միաբանութիւնը սրտի մեծ ցաւով կը հաղորդէ որ Հայր Ռափայէլ Վրդ. Անտոնեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, զօրացած Սուրբ Եկեղեցւոյ Խորհուրդներով, ապրիլ 6ին Պոսթոնի մէջ իր մահկանացուն կնքեց եւ մեկնեցաւ դէպի յաւերժութիւն:
9 եւ 10 Ապրիլին Պոսթոնի Ս. Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ Ցաւակցութիւնները ընդունուեցան. իսկ ուրբաթ 11 Ապրիլի երեկոյեան, իր հոգիին համար Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ եկեղեցւոյ կարգը կատարուեցաւ:
30 Ապրիլին մարմինը, իր փափաքին համաձայն, Պոսթոնէն պիտի փոխադրուի Վենետիկ, Ուրբաթ 2 Մայիս, երեկոյեան պիտի տեղափոխուի Սուրբ Ղազար. Շաբաթ 3 Մայիս, ժամը 13.45ին պիտի կատարուի եկեղեցւոյ կարգը եւ պիտի թաղուի իր եղբայրակիցներուն մօտ՝ Սուրբ Ղազար Մենաստանին գերեզմանատան մէջ:
Հանգուցեալ Վարդապետը պաշտօնավարած է Ս. Ղազարի մենաստանին, Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան եւ Փարիզի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարաններուն մէջ. 1993էն մինչեւ իր մահը Պոսթոնի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն էր. Իր վաստակն է նորակառոյց կեդրոնագմբէթ շքեղ եկեղեցին իր ենթակառոյցներով :
Աշխատակցած է Միաբանութեանս Բազմավէպ պարբերաթերթին. Թարգմանած է երկու Քահանայապետական նամակներ «Փրկիչը Մարդուն» Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Եւ «Աստուած Սէր է» Բենետիկտոս ԺԶ.ի:
Բնածին ու աստուածատուր ձիրքերը ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդին. բոլոր անոնք որ մօտէն ճանչցան զինքը գնահատեցին իր մէջ խոր մարդկայնութիւնը եւ Մխիթար Աբբահօր ու Միաբանութեան նկատմամբ տածած խանդն ու պաշտամունքը:
Թող իր հոգին, մաքրազարդուած Քառասնորդացի պահեցողութեամբ ու հիւանդութեան տառապանքով, արժանի ըլլայ իր պաշտած ու քարոզած ողորմած Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան, ուր ցմիշտ կանգ կ՝առնեն լացն ու սուգը:
Մաղթելով որ
Յիսուսի Յարութեան լոյսը հասնի բարի կամեցողութիւն ունեցող համայն մարդկութեան՝
Աղօթքի միութեամբ
Հայր Եղիա Վրդ. Քիլաղպեան
Աբբահայր








All the contents on this site are copyrighted ©.