2014-05-02 09:32:57

Հայր Գէորգ ԹԾՎ Նորատունկեան Առաքելական Կառավարիչ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի:


Չորեքշաբթի, 30 ապրիլ 2014, առաւօտեան ժամը 9։00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, տեղի ունեցաւ թագադիր ծայրագոյն վարդապետական աստիճանի տուչութիւն Վարժարանի տեսուչ՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Նորատունկեանին։
Արարողութեան ներկայ էին Արեւելեան Եկեղեցիներու ենթաքարտուղար՝ գերյարգելի տէր Մաուրիցիօ Մալվեսդիդի, երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետներու սրբադասման արարողութեան առթիւ Հռոմ ժամանած եպիսկոպոսներ եւ հայրեր, ինչպէս նաեւ խումբ մը հաւատացեալներ։
Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանը անուանեց Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Առաքելական Կառավարիչ, անոր՝ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի տեսուչի պաշտօնին զուգահեռ, 14 ապրիլ 2014-ին։
Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կայքին տնօրէնութիւնն ու աշխատակազմը ջերմօրէն կը շնորհաւորեն գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանը եւ անոր կը մաղթեն արդիւնաշատ ծառայութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.