2014-05-01 08:55:09

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի խօսքը Ավստրալիայի ու Ս. Աթոռի դիւանագիտական կապերու 40-րդ տարեդարձին առթիւ` Ավստրալիան եւ Ս. Աթոռը հասարակաց բարիքին ի խնդիր։


Ս. Աթոռի եւ Ավստրալիայի դիւանագիտական կապերու 40-րդ տարեդարձին եւ առաքելական պատուիրակութեան հաստատման հարիւրամեակին առթիւ, Կարտինալ Փարոլին` Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը, անցեալ 28 ապրիլի յետմիջօրէին, Վատիկանի Ընտանիքի Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, պատարագ մատուցեց, մասնակցութեամբ կարտինալ Փելի` առաջնորդը Սիտնէի թեմին եւ Նորաստեղծ տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչը ։ Քարոզին մէջ Կարտինալ Փարոլին ըսաւ` Աուստրալիոյ սքանչելի հողի պատմութիւնը յատկաշնուած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յարաճուն յանձնառումով` առողջապահութեան, դաստիարակութեան ու եղբայրօգնութեան մարզերէն ներս։
Ան ապա հրաւիրեց ներկաները մտաբերել մասնաւորապէս օրինակը Ավստրալիացի առաջին սրբուհի Մաք քիլոբի` (1842-1909) հիմնադիրը ս. Յովսէփի կրօնաւորական իգական միաբանութեան։ Ան միշտ աշխատեցաւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր եւ այս պատճառաւ մենք եւս կանչուած ենք գործել հասարակաց բարիքին կերտումին եւ յանձնառումով աշխատիլ խաղաղ կապեր հաստատելու ժողովուրդներու միջեւ, արդարութեան ու հաշտութեան արժէքներու վրայ – Հաստատեց Կարտինալ Փարոլինը։








All the contents on this site are copyrighted ©.