2014-05-01 08:42:55

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած ընտանիքի


RealAudioMP3 Այսպէսով ընտանիքը կը դառնայ բնական վայրը մանուկներու եւ երիտասարդներու առաքինութեան, ժուժկալութեան, ողջախոհութեան եւ եղբայրսիրութեան կազմաւորման աշխատանքին։ “Ընտանիքը տեղական եկեղեցի մըն է, դպրոց մը բարոյական եւ հոգեւոր հասունութեան” ուր ծնողքը եւ զաւակները կը փորձար կեն վերոյիշեալ արժէքները ։ Մարդ էակը կը ծնի ընտանիքին մէջ եւ անոր կը պարտի իր գոյութիւնը, հետեւաբար կարելի չէ զինք բաժնել կամ հեռացնել իր բոյնէն։ Սակայն երբ մարդը կը ծնի ընտանիքէն դուրս, անոր սրտին մէջ կը գոյանայ անբաւարարութիւն մը եւ ցաւ, որոնք ծանր կը կշռեն անհատի ամբողջ կեանքի ընթացքին, Կ՛ըսէ երանելի Յովահաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը։ Այսպիսիներու պարագային եկեղեցին մօտ է եւ իր սէրը կը տածէ անոնց կեանքին ու ապագայինն: Անտարակոյս անխուսաբելի է ընտանիքին կարեւոր դերը մարդու կեանքին մէջ։
Ընտանիքին մէջ պարտականութիւններն ու իրաւունքները համերաշխօրէն կը բաժնուին անդամներու միջեւ։ Ծնողները, իրենց ծնողական վիճակի կարգին եւ յատուկ կոչումին, պար­ տականութիւն ունին հսկելու իրենց զաւակներուն հոգեբանական առողջ մթնոլորտին, բնական աճումին եւ հասունութեան։ Այն զաւակները, որոնք կ՛աճին ու կը մեծնան քրիստոնեայ, օրինակելի ընտանիքի մէջ, աւելի հեշտութեամբ կը փորձարկեն բարոյական արժէքներն ու աստուածային սէրը, ընթօրինակելով բարի օրինակը ծնողներու կեանքէն ։ Սէրը միակ կրակն է որ կը պահէ ընտանիքը մէկ օճախի մէջ միացած, հասուն եւ պարզ։ Կը պահէ ուժեղ դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները, յաղթահարելու փորձութիւնները եւ ճշմարտապէս վկայելու իրենց քրիստոնէական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան։
Ս. Գրային հակիրճ ուսումնասիրութենէն ետք, կ՛անցնինք երկրորդ ոլորտին. որ է ընտանիքի ըմբռնումը եւ հասկացողութիւնը, իրաւաբանական եւ ընկերային տեսանկիւնէն դիտուած։







All the contents on this site are copyrighted ©.