2014-04-30 12:32:17

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։ ''Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները` Հանճարը''


Չորեքշաբթի, 30 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած Իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր հաւատացեալներուն։
Նորին Սրբութիւնը, շարունակելով Սուրբ Հոգւոյ պարգեւներուն մասին իր խորհրդածութիւնը խօսեցաւ Ս. Հոգւոյ ''հանճարի'' պարգեւի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, բարիլոյս` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, խօսելէ ետք ''Իմաստութեան'' պարգեւի մասին որպէս Սուրբ Հոգւոյ եօթը պարգեւներու առաջինը, այսօր կը խօսինք երկրորդ պարգեւի մասին որ է ''հանճարը''։
Սուրբ Հոգին սոյն շնորհքը կը զեղու Քրիստոնեաներուն վրայ անոնց տալով կարողութիւնը որոնելու Աստուծոյ մտածողոթիւնը եւ Անոր փրկչագործութեան ծրագիրը։ Այս պարգեւը մեզի թոյլ կու տայ հասկնալ պատմութեան իսկական իմաստը։ Հանճարի պարգեւը սերտօրէն կապուած է հաւատքին։ Սուրբ Հոգին կը լուսաւորէ մեր սրտերն ու մեր հոգին ու մեզի թոյլ կու տայ աւելի լաւ հասկնալու ինչ որ Տէրը ըսաւ ու գործեց, որպէս մեր փրկութեան համար սիրոյ պարգեւ։
Էմմաուսի աշակերտներու նմանութեամբ, երբ կեանքի ծանրութիւնն ու մեր անկարողութիւնները մեզ կը հարստահարեն, Սուրբ հոգին մեր մտքերը կը բանայ ու մեզի կը հասկցնէ Աստուծոյ ծրագիրները, եւ կեանքի իրադարձութիւնները։ Հանճարի պարգեւը կարեւոր է մեր քրիստոնէական կեանքին համար։ Հայցենք Տիրոջմէ որ մեզի պարգեւէ ''հասկնալու'' շնորհքը ու յատկապէս հասկնալու Աստուծոյ աւետարանական խօսքը։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակելաներուն ակնարկելով ''Սենեացի Սրբուհի Կատարինէին''։ Սիրելի երիտասարդներ – ըսաւ Ան – Սրբուհի Կատարինէէն սորվեցէք ապրիլ ուղիղ դատումով ու մի հպատակիք կեանքի փոխզիչումներու։ Սիրելի հիւանդներ, տառապանքի ժամանակ ներշնչուեցէք Անոր վեհանձնութեան օրինակէն եւ դուք սիրելի նորապսկեալներ ընդօրինակեցէք Անոր հաւատքի զօրութիւնը որ միշտ կը վստահի Աստուծոյ։









All the contents on this site are copyrighted ©.