2014-04-30 11:47:57

Քեսապի մարդկային իրաւունքներու վիճակը ներառուած էՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի զեկոյցին մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու գծով բարձրագոյն յանձնակատար Նաւի Փիլայ պատասխանած է իրեն հասցէագրուած՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի նամակին, որուն մէջ նախարարը խորին մտահոգութիւն յայտնած էր Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ քաղաքին եւ շրջանի գիւղերուն վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Նաւի Փիլայ իր նամակին մէջ տեղեկացուցած է, թէ տարածաշրջանին մէջ գտնուող մարդկային իրաւունքներու վերահսկման իր խմբակը ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին եւ արդէն իսկ զրուցած է յարձակումներուն հետեւանքով տեղահանուած շարք մը ընտանիքներու հետ: Ան հաւաստիացուցած է, որ Քեսապի եւ շրջանի գիւղերուն մէջ մարդկային իրաւունքներու իրավիճակը պիտի ներառուի ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի յառաջիկայ զեկոյցին մէջ, որ կը պատրաստուի ըստ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2139 բանաձեւին:







All the contents on this site are copyrighted ©.