Քաղտէացիներու Պատրիարքի գնահատումով Իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակը ողբերգական է։
Պատրիարքը կը դատապարտէ կրօնական ծայրայեղութեան ալիքը։
Քաղտէացիներու
պատրիարքը` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ քրիստոնեաներու
ներկայ կացութիւնը ողբերգական է մահմետական ծայրայեղ խմբակներու բանեցուցած ճնշումին
պատճառաւ, Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն վրայ։ Նախքան ամերիկացիներու բռնագրաւումը,
ըսաւ պատրիարքը, Իրաքի մէջ կ'ապրէին աւելի քան մէկ միլիոն քրիստոնեաներ, որոնցմէ 600
հազարը` Պաղտատ մայրաքաղաքին մէջ։ Մահաբեր բռնութիւններու հետեւանքով ներկայիս իրաքեան
հողին վրայ կ'ապրին շուրջ 400 հազար քրիստոնեայ։ Քրիստոնեաներու արտագաղթը ահաւոր է ու
մտահոգիչ։ Եթէ ներկայ կացութիւնը շարունակուի, ցաւով յայտնեց պատրիարք Սաքօն, Եկեղեցին
եղերական վիճակ մը պիտի ունենայ։