Հրացազրոյց - Հանդիպում Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին հետ
Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` Արհիապատիւ Ռաֆայէլ
Արք. Մինասեան, այս օրերուն կը գտնուի Հռոմ, ուր առիթ ունեցաւ մասնակցելու անցեալ կիրակի,
27 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի մէջ տեղի ունեցած Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ երկու
քահանայապետերու սրբադասման պատմական արարողութեան եւ այսօր` չորեքշաբթի 30 ապրիլին,
առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ Անոր փոխանցելով խնդրանքը`
''Սուրբ Գիրգոր Նարեկացին'' դասել Եկեղեցւոյ Վարդապետներու շարքին։ Ունկնդրենք գերապայծառ
Մինասեանի այս առընչութեամբ Ռատիովատիկանի տուած զեկոյցը։