2014-04-29 15:00:52

''Քրիստոնեայ հասարակութիւն մը խաղաղութեան մէջ կ՛ապրի, Քրիստոսը կը վկայէ եւ աղքատներուն կը հոգայ''` ըսաւ Քահանայապետը իր այսօրուայ քարոզին մէջ։


''Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հասարակութիւն պէտք է իր կեանքը համեմատէ առաջին Եկեղեցւոյ ապրած կեանքին հետ եւ ստուգէ թէ որքան կարող է ներդաշնակութեան մէջ ապրիլ, վկայելով Յարուցեալ Քրիստոսը ու խնամելով աղքատները''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, Տոմուս Սանթա Մարթայի մարտան մէջ այսօր` 29 ապրիլի առաւօտեան սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզի կեդրոնական նիւթը։
Քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան մասին որ ''մէկ սիրտ ու մէկ հոգիով կ՛ապրէր''։ Խաղաղ հասարակութիւն մը ուր ''շաղակրատութեան, նախանձի եւ զրպարտութեան տեղ չկար''։Խաղաղութիւն։ Ներում ու սէր։ Սրբազան Հայրը ապա ազդարարեց թէ ''Սատանան միշտ կը ջանայ բաժնել։ Ան բաժանումի Տէրն է''։
Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ Քրիստոնեայ հասարակութեան ուրիշ մէկ յատկանիշը աղքատութիւնն ու աղքատներու հանդէպ հոգատարութիւնն է։ Սուրբ Հոգին է որ միութիւն կը յառաջացնէ։ Ան է որ մեզ կը մղէ վկայելու։ Ան է որ մեզ աղքատ կը դարձնէ որովհետեւ Ան ինքնին հարստութիւնն է որ մեզ կը հրաւիրէ հոգ տանիլ աղքատներուն. ''Աղօթենք Սուրբ Հոգւոյն որպէսզի մեր քայլերը առաջնորդէ այս ճանապարհին վրայ'' - եազրափակեց Սրբազան Հայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.