2014-04-29 11:35:08

Հայր Տալլոլիոյի ընտանքին կոչը անոր ազատ արձակման համար։


Սուրիոյ մէջ Հայր Փաոլօ Տալլոլիոյի առեւանգումէն ճիշդ ինը ամիս ետք, անոր ընտանիքը կոչ ուղղած է անոր ազատ արձակումին համար ։ ''Հայ Տալլոլիոյի արեւանգողներէն կը խնդրենք որ զինք ազատ արձակեն ու հնարաւորութիւն տան որ ան իր հարազատներուն մօտ վերադառնայ, եւ բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ կ'ընենք որ շարունակեն այս հարցին շուրջ''իրենց յանձնառումը ։
Իտալացի Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` 59 ամեայ Հայր Տալլոլիոյ, ինը ամիս առաջ Սուիրոյ Րաքքա շրջանին մէջ արեւանգուեցաւ եւ վերջերս, սուրիացի ընդիմադիր մէկ խմբակ մը յայտարարեց թէ ան ողջ է եւ կը գտնուի ծայրայեղ իսլամական խմբակի ձեռքերուն մէջ։
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ'աշխատի այս ուղղութեամբ եւ շարունակ կապի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ Հայր Տալլ Օլիոյի ազատագրումին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.