2014-04-28 12:16:40

Ռուսամէտ զինեալներ ԵԱՀԿ-ի դէտեր ձերբակալեցին


Լիբանան երէկ պաշտօնապէս մասնակցեցաւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. եւ Յովհաննէս ԻԳ. պապերուն սրբադասման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի, ուղղուեցաւ Հռոմ, ներկայ գտնուելու այդ արարողութեան:
Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Նախագահ Սլէյման շաբաթ օր ուղղուեցաւ Հռոմ, ուր այցելեց Մարոնի համայնքի քահանայապետական հիմնարկը եւ ներկայ գտնուեցաւ Հռոմի Մար Մարոն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով մատուցուած հովուապետական պատարագին` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Ռայի պատրիարքը իր խօսքը ուղղելով նախագահ Սլէյմանին ըսաւ. «Կը մաղթենք, որ լիբանանեան խորհրդարանը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կ՛ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահ մը, որպէսզի ան շարունակէ երկրին ղեկավարութիւնը, օժտուելով ձեր համբերութեամբ եւ իմաստութեամբ»:
Պատարագի աւարտին Ռայի պատրիարքը նախագահ Սլէյմանին նուիրեց Մար Մարոնի արձանի մանրակերտը, որ օրհնուած է Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.