2014-04-28 10:22:06

Եկեղեցական գիտելիքներ երկրորդ շաբաթ Յինանց 27 Ապրիլէն 4 Մայիս 2014


RealAudioMP3 Կիրակի 27 Ապրիլ 2014, Նոր Կիրակիին՝ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խորաններու պատւոյն բարձրացուց երկու նոր երանելի քահանայապետեր Յովհաննէս ԻԳ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Անոնց բարեխօսութեամբ Աստուած մեզի կը պարգեւէ բազմաթիւ շնորհքներ ։
Յինանց շրջանի երկրորդ շաբաթուայ մէջ, Սուրբ Պատարագի ընթացքին` կը սկսինք կարդալ Յովհաննէսի աւետարանը հետեւողական կերպով, սկսելով առաջին գլուխէն մինչեւ 13-րդ գլուխը, Պենտնկոստէէն առաջ։
Նոյն ատեն, ընթերցուածներէն առաջ կը կարդացուին երեք սաղմոսներ փոխան երկուքի, եւ այդ` սաղմոսրանի մէն մի սաղմոսի առաջին համարը։ Այսպէսով, 150 սաղմոսներու առաջին համարները կը կարդացուին յինանց 50 օրերուն ընթացքին։ Նոր կիրակիին կը սկսի նոր շրջան մը, յարուցեալ Քրիստոսի շրջանը։ Այդ օրուընէ սկսեալ, կարելի է եկեղեցիներու մէջ պսակ կատարել, տօնակատարութիւն ու խրախճանք ընել սրահներու մէջ, առանց արգելքի, որով մեծ պահքի շրջանը անցած է։
Նոր կիրակիի աւետարանը մեզի կ՛ընծայէ սքանչելի նախերգանքը Յովհաննէս աւետարանչին, որ կը խօսի Աստուծոյ խօսքին մասին. Բանն Աստուծոյ, սկիզբէն գոյութիւն ունէր եւ անով ստեղծուեցաւ աշխարհը. Ժամանակներու լրումին` ան իջաւ մարդկութեան մէջ, մարմնացաւ ու մարդացաւ եւ եղաւ մեզի նման որպէսզի մեզ փրկէ սատանայի գերութենէն. Մեզ ազատեց խաւարէն ու դրաւ ճշմարտութեան լոյսին տակ. Ուստի որպէսզի օգտուինք իր բերած շնորհքէն, հարկ է որ ընդունինք իր պատգամը եւ մնանք լոյսի ենթակայ, դուրս ելլելով մեղքի խաւարէն։
Հռովմի Եկեղեցին տօնեց այդ օր` Ողորմած սիրոյն տօնը, հաստատուած Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Պապին՝ կողմէ։ Քրիստոսի այս նոր անունով` որ է Ողորմած սէր, Եկեղեցին կ՛ուզէ ցոյց տալ թէ Աստուծոյ Որդին չէ եկած որպէս խիստ դատաւոր, դատելու եւ դատապարտելու մեղաւոր մարդկութիւնը, այլ կը ներկայանայ որպէս անհունօրէն գթած ու ողորմած, որ կու գայ ներելու նոյնիսկ ամենամեծ մեղաւորին. Իր փափաքն է որ բոլոր մարդիկ դառնան իրենց յանցաւոր ու սխալ կեանքէն դէպի առաքինի ու սիրով լեցուն կեանք մը։ Եթէ աստուածային արդարութիւնը գործէր մարդկութեան վրայ, աշխարհի վերջը պէտք էր եկած ըլլալ, ինչպէս տեղի ունեցաւ ջրհեղեղի շրջանին, կամ թէ Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքներու կործանման օրը. Սակայն Տիրոջ ծրագիրը տարբեր է, ան կ՛ուզէ փորձ մը ընել մարդկութիւնը դարձի բերելու. Այս նոր դարը որ կը սկսի, Աստուծոյ ողորմած սիրոյն դարն է։ Ան դառնալու է հոգւոյ տիրապետութեան դարը, նիւթապաշտութենէն ազատագրման դարը, որպէսզի պայքարը որ կը մղուի չարին դէմ, ըլլայ արդիւնաւոր ու պտղաբեր։
Հինգշաբթի Մէկ Մայիսին, Տօնն է Ս. Յովսէփի եւ բոլոր աշխատաւորներուն։
Մայիս ամիսը ընդհանրապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մօտ` ամիսն է Սուրբ Կուսին։
Թէ ինչպէ՞ս կը տօնուի Աստուածածինը եկեղեցիներուն մէջ.
Ամենօրեայ վարդարանի աղօթքով, լիթանիայով` որ Մարիամի նուիրուած գովերգ մըն է, ինչպէս նաեւ Աուրբ Կուսին նուիրուած գողտրիկ երգերով։ Թէեւ այս բարի սովորութիւնը երթալով կ՛անյետանայ շատ մը եկեղեցիներէ, սակայն Արեւելքի մէջ տակաւին միշտ վառ կը մնայ։
Կիրակի 4 Մայիսին կանաչ կիրակին է՝ ըստ հայկական ծէսին` ՜՜Աշխարհամատրան՝՝ կիրակի։







All the contents on this site are copyrighted ©.