2014-04-27 11:06:44

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետերու սրբադասման արարողութեան առթիւ։


Կիրակի, 27 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գլխաւորած` Յովհաննէս Պօղոս Բ Եւ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետերու սրբադասման արարողութեան առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անդրադառնալով օրուան ''Աստուածային Ողորմութեան'' տօնին ըսաւ`, Սուրբ Զատկուայ ութօրէքը փակող այս Կիրակի օրուայ մէջ, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ուզեց նուիրել` ''Աստուածային ողորմութեան'', կան` Յարուցեալ Յիսուսի փառաւոր վէրքերը։

Յիսուս` այդ վէրքերը առաջին անգամ ցոյց տուաւ իր աշակերտնեուն, շաբաթը յաջորդող գիշերը` Յարութեան օրը։ Այդ գիշեր սակայն Թովմասը ներկայ չէր, եւ երբ միւս աշակերտները անոր ըսին թէ Տէրը տեսան. Ան պատասխանեց թէ եթէ անոր վէրքերը չտեսներ ու անոնց չդպչեր պիտի չհաւատայ։ Ութը օր ետք, Յիսուս դարձեալ երեւեցաւ աշակերտներուն, վերնատան մէջ, Թովմաս եւս ներկայ էր։ Անոր մօտեցաւ ու հրաւիրեց որ դպչի իր վէրքերուն. Այն ատէն այդ անկեղծ մարդը ծնրադրեց Յիսուսի առջեւ եւ ըսաւ ''Տէր իմ եւ Աստուած իմ'' (Յովհ 20,28)։
Յիսուսի վէրքերը հաւատքի համար գայթակղութիւն մըն են - յարեց Քահանայապետը – սակայն միեւնոյն ատեն անոնք հաւատքի ստուգումն են։ Ասոր համար է որ այդ վէրքերը Յարուցեալ Քրիստոսի մարմնին վրայ մնացին, որպէսզի ըլլան Աստուծոյ` մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյն մշտական նշաններ, եւ որոնք անհրաժեշտ են հաւատալու Աստուծոյ։ Ոչ թէ հաւատալու թէ Ան գոյութիւն ունի, այլ հաւատալու որ Աստուած սէր է, ողորմութիւն է, հաւատարմութիւն է։
Յոհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ քաջութիւնը ունեցան Յիսուսի վէրեքերուն նայելու, ու դպչելու անոնց։ Անոնք չ՛ամչցան Քրիստոսի մարմինէն. Չի գայթակղեցան անոր խաչէն, չ՛ամչցան իրենց եղբայրներու մերկութենէն, որովհետեւ ամէն տառապող անձին մէջ Յիսուսը կը տեսնէին։
Եղան երկու արի մարդիկ, որ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին վկայեցին Աստուծոյ բարութիւնը ու անոր ողորմութիւնը։
Եղան քսաներորդ դարու քահանաներ, եպիսկոպոսներ եւ Քահանայապետեր։ Ճանչցան այդ դարու աղէտները սակայն չընկճուեցան որովհետեւ իրենց մէջ աւելի հզօր էր Աստուծոյ ներկայութիւնը, աւելի հզօր էր իրենց հաւատքը հանդէպ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին ու պատմութեան Տիրոջ։ Իրենց մէջ աւելի հզօր էր Աստուծոյ ողորմութիւնը որ կը յայտնուի Քրիստոսի վէրքերուն մէջ։ Աւելի հզօր էր Մարիամու մայրական մտերմութիւնը։
Քրիստոսի վէրքերուն ու անոր ողորմութեան վկայ այս երկու մարդոց մէջ կը բնակէր ''կենսատու յոյս մը'' եւ ''անպատում ու Փառաւոր ուրախութիւն''։ Այն յոյսն ու ուրախութիւնը որ Յարուցեալ Քրիստոսը կու տայ իր աշակերտներուն։ Զատկուայ յոյսն ու ուրախութիւնը։ Նոյն յոյսը եւ ուրախութիւնը որ հաւատացեալներու հասարակութիւնը կը շնչէր Երուսաղէմի մէջ։ Հասարակութիւն մը որ կ՛ապրէր էականը` այսինքն սէրը, ողորմութիւնը, պարզութիւնն ու եղբայրութիւնը։
Այս է Եկեղեցւող պատկերը որ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովը իր աչքին առջեւ ունէր։ Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ, համագործակցեցան Սուրբ Հոգւոյն հետ վերակառուցելու եւ արդիականացնելու Եկեղեցին իր բնօրինակ տեսքին համաձայն։
Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովը գումարելով Յովհաննէս ԻԳ ցոյց տուաւ Սուրբ Հոգւոյն հանդէպ ունեցած իր հնազանդութիւնը որ զինք առաջնորդեց։ Այսպէսով ան դարձաւ Եկեղեցւոյ համար Հովիւ եւ առաջնորդուած Առաջնորդ։ Այս է Անոր վեհանձն ծառայութիւնը ի սպաս Եկեղեցւոյ` Ան եղաւ Սուրբ Հոգւոյն հնազանդ Քահանայապետը։
Աստուծոյ ժոովուրդին ի սպաս ծառայութեան, Յովհաննէս Պօղոս Բ եղաւ ընտանիքի Քահանայապետ։ Ան իղձ յայտնած էր որ այսպէս յիշատակուի` որպէս ընտանիքի Քահանայապետ։ Այս կ՛ընդգծեմ մինչ կը պատրաստուինք ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի մը - ըսաւ Քահանայապետը ու ապա խօսքը եզրափակեց` հայցելով որ այս երկու նոր Սուրբերը` Աստուծոյ Ժողովուրդի Հովիւները բարեխօսեն Եկեղեցւոյ համար, որպէսզի այս երկու տարուայ սիւնհոդոսական ուղեւորութեան ընթացքին, ան (Եկեղեցին) ըլլայ հլու Սուրբ Հոգւոյն, իր ընտանիքի ի սպաս հովուական ծառայութեան մէջ։
Թող երկուքն ալ մեզի սորվեցնեն չգայթակղիլ Քրիստոսի վէրքերէն ու մխրճուիլ Աստուածային ողորմութեան խորհուրդին մէջ, որ միշտ կը յուսայ ու միշտ կը ներէ, որովհետեւ Ան միշտ կը սիրէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.