2014-04-27 08:52:47

Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ հռչակուեցան


Երկու Քահանայապետերու սրբադասմասն արարողութիւնը հասաւ իր ժամկէտին։
Հարիւր հազարաւոր հաւատացեալներ, կիրակի 27 ապրիլի արշալոյսին, խուժեցին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ու այդ հրապարակը առաջնորդող ''Քոնչիլիացիոնէ'' պողոտայ։ Անոնցմէ շատերը` երիտասարդ եւ ծերունի, գիշերած են ճամբաներու վրայ, որպէսզի կարենային տեղ գրաւել ու կարելիութիւն ունենալ սրբադասման արարողութեան մասնակցելու։
Բազմաթիւ ուխտաւորներ, շաբաթ 26 ապրիլին գիշերը, Հռոմի եկեղեցիներու մէջ աղօթքի հսկում կատարեցին, հոգեւոր երգեր արտասանելով, Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք կատարելով։
Մեծաթիւ են անշուշտ Լեհ հաւատացեալները որոնք այս առթիւ ժամանած են Լեհանստանէն ու աշխարհի այլ վայրերէն ուր կ՛ապրին։ ''Վիա Տէլլա Քոնչիլիացիոնէի'' տարածքին կը ծածանին ամէն ազգի ու երկրի դրօշակներ ի մէջ այլոց հայկական` կարմիր կապոյտ եւ նարնջագոյն դրօշը։
Անոնք որոնք կարելիութիւն չունեցան Սուրբ Պետրոս հասնիլ, անոնց համար Հռոմի զանազան վայրերու եւ հրապարակներու վրայ զետեղուած են մեծ պաստարներ, ուր կարելի է ուղղակիօրէն հետեւիլ արարողութեան։
Սրբազան Արարողութիւնը սկիզբ առաւ ժամը 9-ին, սուրբ վարադարանի աղօթքով։ Ժամը 9,30-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանեց Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը։ Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած` աւելի քան 120 պատուիրակութիւններ, որոնց շարքին 24 երկիրներու նախագահներ։ Յայտնենք թէ արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եպիսկոպոսներ ու քահանանաեր։
Ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը թափօրով մուտք գործեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ սկիզբ տալով սրբադասման պատմական արարողութեան որուն սկիզբը Նորին Սրբութիւնը կը կարդայ ''սրբադասման բանաձեւը'' Եկեղեցւոյ Սուրբ հռչակելով Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ ու զանոնք գրանցելով Սուրբերու դասին մէջ։
Սրբադասման արարողութեան ընթացքին, Տիկին Ֆլորիպէթ Մորա Տիած՝ ՅՊԲ Քահանայապետի բաեխօսութեամբ հրաշագործուած տիկինը, ընկերակցութեամբ իր հարազատներուն, ՅՊԲ մասունքը կը փոխադրէ զայն զետեղելով, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող կեդրոնական խորան։ Մինչ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի մասունքը կը փոխադրեն անոր չորս թոռնիկները` ''Սոթթո Մoնթէ'' կոչուած Քահանայապետի ծծնդավայրին գիւղի քաղաքապետը՝ Տիար Էուճէնիօ Պոլոնյինին, եւ Յովհաննէս ԻԳ հաստատութեան նախագահ՝ Հայր Էցիօ Պոլիս։
Սրբազան արարողութեան մասնակցեցան աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած աւելի քան 120 պատուիրակութիւններ, որոնց շարքին 24 երկիրներու նախագահներ։
Պատմական ու աննախնդաց արարողութիւն մը որուն ընթացքին երկու Քահանայապետեր սուրբ կը հռչակուին, այլ երկու Քահանայապետերու ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.