2014-04-27 11:52:13

800 հազար ուխտաւորներ ներկայ գտնուեցան երկու Քահանայապետերու սրբադասման արարողութեան։


Կիրակի, 27 ապրիլին, Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետերու սրբադասման արարողութեան առթիւ, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆէտէրիքօ Լոմպարտին, յայտարարեց. ''ըստ տուեալներուն սրբադասման արարողութեան ներկայ գտնուեցան շուրջ 800 հազար ուխտարւորներ։
Հայր Լոմպարտին ընդգծեց թէ, միայն՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին եւ անոր տարածքին վրայ, կը գտնուէին շուրջ 500 հազար ուխտաւորներ։
Նշենք, թէ կիրակի, 27 ապրիլին, յետմիջօրէին, ժամը 2-էն սկսեալ մինչեւ գիշերուայ ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարը բաց կը մնայ, հաւատացեալներուն հնարաւորութիւն տալու` այցելելու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Սուրբ Յովհաննէբ ԻԳ Քահանայապետերու շիրիմները







All the contents on this site are copyrighted ©.