2014-04-26 12:02:02

Պէրկամոյի ուխտաւոր երիտասարդներու աղօթքի հսկումը Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի սրբադասումի նախօրեակին։


Շաբաթ, 26 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Իտալիոյ Պէրկամօ քաղաքէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւոր երիտասարդներ, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս տաճառին մէջ, կը համախմբուին աղօթքի հսկում կատարելու, Յովհաննէս ԻԳ-րդ Քահանայապետին սրբադասումի նախօրեակին։
Յայտնենք որ Ռոնքալլի Քահանայապետը երիտասարդ հասակին, յաճախած էր Հռոմի Քահանայապետական նորընծայարանը։

Իսկ 26-էն 27 ապրիլին, Հռոմի '' Մանուկ Յիսուս'' հիւանդանոցին մէջ , յետմիջօրէին ժամը 5-էն սկսեալ կը ցուցադրուի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մասունքը` սրուակի մէջ զետեղուած անոր արիւնը։ Նոյն խորանին վրայ կը զետեղուի նաեւ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի փեղոյրը որ Երանելի Քահանայապետը նուիրած էր հիւանդանոցին, հոն կատարած այցելութեան ընթացքին։

Յայտնենք որ երկու քահանայապետետու Սրբադասումի արարողութեան առթիւ Հռոմի զանազան Եկեղեցիներու մէջ նախատեսուած են նաեւ աղօթքի հսկումներ եւ այլ հոգեւոր ձեռնարկներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.