Քրիստոսի հրաշափառ
Յարութեան տօնին յաջորդող կիրակին կը կոչուի «Նոր Կիրակի»: Այս անուանումը հասած է մեզի
Յովհաննէս Օձնեցիի կողմէ: Նախապէս այս Կիրակին կը կոչուէր «Զատիկ Զատիկ», «Երկրորդ Զատիկ»,
«Կրկնազատիկ»: Աստուածորդւոյն յարութեամբ` մարդկային կեանքը զգեցաւ նոր պատմուճան,
լոյսի եւ սիրոյ պատմուճանը, որովհետեւ Քրիստոսի յարութիւնը խորհրդանիշ է կեանքի, սիրոյ
եւ բարիին գերակշռութեան ատելութեան եւ չարի վրայ, կեանքին յաղթանակը մահուան վրայ: Մահը
ինքը մահացաւ ծնունդ տալով անմահութեան: Ահա թէ ինչու այս օրը Նոր Կիրակի կը կոչուի:
Նոր Կիրակին գեղեցկագոյն առիթն է իւրաքանչիւրիս համար վերանորոգուելու եւ շարունակելու
Քրիստոսի սկսած ճակատամարտը, պայքարը չարին դէմ, ընդդէմ խաւարին: Արդարեւ, աստուածային
Փրկչագործութիւնը անբաժան իրականութիւն մըն է մարդեղութեան Խորհուրդէն, որովհետեւ առանց
մարդեղութեան խորհուրդին կարելի պիտի չըլլար մարդոց Փրկութիւնը: Մարդեղութեան խորհուրդը
սկիզբն է փրկչագործութեան խորհուրդին: Իսկ մահը եւ յարութիւնը` անոր կատարումը: Մարդիկ
լոյսի, այսինքն առաջնորդի պէտք ունէին: Քրիստոսէ առաջ հեթանոսութեան թանձր խաւարը պատած
էր համայն աշխարհը: Մարդկութիւնը ամբողջ բարոյական սնանկութեան խորխորանին մէջ ինկած
էր ու անհամբեր կը սպասէր` փրկիչի մը, որ պիտի կարենար լուսաբանել մտքերը, եւ ամէնուն
սորվեցնէր կեանքի ուղիղ ճամբան, մէկ խօսքով` մարդիկ ծարաւի էին ճշմարտութեան Լոյսին: Վերջապէս
Աստուած գթաց մարդկութեան վրայ եւ աշխարհ ղրկեց իր Միածին Որդին` որ լուսաւորեց աշխարհը
իր վարդապետութեամբ եւ սքանչելագործութեամբ: «Ճշմարիտ լոյսն էր որ կը լուսաւորէ ամէն
մարդ, որ աշխարհ կու գայ»: Ս. Յովհաննէս իր աւետարանին սկիզբ կու տայ այլազան ապացոյցներով
փաստելու համար Յիսուսի Քրիստոսի Աստուածութիւնը: Արդարեւ ան կ՛ըսէ. «Եւ Բանն մարմին
եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ»: Այսինքն, Աստուծոյ Խօսքը` Յիսուս, որ Աստուծոյ քովն էր, մարմին
առաւ, եւ ահա կը բնակի մեր մէջ իր ուսուցումներով եւ վարդապետութեամբ, իր հաստատած խորհուրդներով,
որոնց մեծագոյնը եւ սրբազնագոյնը կը հանդիսանայ ամենասուրբ հաղորդութեան խորհուրդը, զոր
մեզի` հայերուս «Խորհուրդ խորհին, անհաս անսկիզբն»: թերեւս ոչ մէկ ծէսի մէջ այնքան յարմարապէս
որակուած է այս խորհուրդը, որքան մեր պատարագի առաջին երգին մէջ: Խորհուրդ մը որ անսկիզբ
է, որովհետեւ սկիզբէն Աստուծոյ գովն էր: եւ Բանը` այսինքն Յիսուս Աստուած էր: Այս է մեծագոյն
պատգամը Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչին, զոր կ՛ուզէ մեզի փոխանցել իր Աւետարանի նախաբանին
մէջ: Պօղոս առաքեալ Կողոսացիներուն ուղղած նամակին մէջ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ այդ
անգագտելի կապը Աստուծոյ եւ իր Որդիին միջեւ երբ կ՛ըսէ. «Քրիստոս Ինք` տեսանելի պատկերն
է աներեւոյթ Աստուծոյ ... Որովհետեւ Հայրը ուզեց, որ Քրիստոս իր մէջ ունենայ աստուածային
բնութեան լրումը»: Ս. Յովհաննէսի Աւետարանին նախաբանին մէջ, յստակօրէն ի յայտ կու
գայ նաեւ հակադրութիւնը լոյսի եւ խաւարի միջեւ: Լոյսը, որ նոյնինքն Յիսուսն է, արդարեւ
խորհրդանիշ է արդարութեան եւ ճշմարտութեան: Աստուածորդին աշխարհ եկաւ, որպէսզի աշխարհը
իսկական ճշմարտութեան առաջնորդէր: Սուրբ Յովհաննէս Կ՛ըսէ. «Որովհետեւ օրէնքը Մովսէսի
միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը` Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ»: Հետեւաբար,
ճշմարտութեամբ ապրողը կը լուսաւորուի եւ իր կեանքը կ՛ապրի համաձայն Աստուծոյ կամքին: Ով
Յիսուս, Փրկիչ աշխարհի եւ կեանք անձանց մերոց, քու լոյսդ սփռէ մեր վրայ, որպէսզի լոյսի
որդիներ ըլլանք: Օգնէ մեզի որպէսզի ամէն օր աւելի մօտենանք քեզի` ճշմարիտին, արդարին:
Դուն աշխարհի լոյսն ես, եւ միայն այդ լոյսի միջոցաւ է որ մարդս կատարելապէս կրնայ գիտակից
ըլլալ թէ ո՞րն է բարին իր կեանքին, եւ ո՞րն է չարը, ո՞րն է սխալը եւ ո՞րն է ուղիղը, ճշմարիտը:
Տէր ինչպէս որ Մահը խորտակեցիր, ըրէ՛ որ մենք եւս զրահուած քու սէրով, եւ մանաւանդ քու
ճշմարտութեամբ շարունակենք պայքարը չարին դէմ, մինչեւ որ օր մը հասնինք մեր իսկական յարութեան: Քրիստոս
Յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի