2014-04-26 10:16:59

Հոլլանտ քննադատած է Էրտողանի յայտարարութիւնը եւ խոստացած ցեղասպանութեան 100-ամեակին Երեւան ըլլալ


Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հայերուն ուղղուած ցաւակցական ուղերձը եւ զայն անբաւարար նկատած է:
Հոլլանտ Փարիզի մէջ մասնակցած է հայ համայնքին կազմակերպած` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման: Կոմիտասի 2003-ին կանգնեցուած արձանին մօտ խօսք արտասանած Հոլլանտ ցաւակցած է ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներուն: Ան նշած է, որ ցեղասպանութեան 100-ամեակին ոգեկոչման մասնակցելու համար 24 ապրիլ 2015-ին պիտի մեկնի Երեւան:







All the contents on this site are copyrighted ©.